Թուրքիոյ իշխանութիւններուն պնդումով փակուած «Էօզկիւր Կիւնտէմ» թերթի հարցով, թերթի նախկին խմբագիր եւ իրաւապաշտպան Էրէն Քէսքին այսօր Պոլսոյ դատարանին առաջ վկայութիւն պիտի տայ: Այս մասին լուրը կը փոխանցէ «Տէմոքրաթ Հապէր» կայքը: Աղբիւրը նաեւ կը հաղորդէ, որ դատական նիստին համընթաց Քէսքին ի նպաստ զօրակցութեան հաւաքներ պիտի կայացուին, որոնց իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն քաղաքացիական շարժման աքթիւիսթներ եւ «Շաբաթ օրուան մայրեր» անունով յայտնի միութեան անդամներ: Նշենք, որ, Հայ դատի ի նպաստ իր դիրքորոշումով ծանօթ փաստաբանուհի Էրէն Քէսքին եւ նոյն թերթի նախկին խմբագրապետ Ռէյհան Չափան, այդ թերթին մէջ լոյս ընծայուած յօդուածներով «ահաբեկչական կազմակերպութեան քարոզչութիւն» ընելու մեղադրանքով անցնող յունիսին 3 տարի եւ 9 ամիս բանտարկութեան դատապարտուած էին:
Վճիռին մէջ նշուած է, որ անոնք անցեալին ալ դատապարտուած ըլլալով՝ պատիժներու զեղչ կամ որեւէ փոփոխութիւն չի նախատեսուիր:
Թերթին փաստաբանը Էօզճան Քըլըչ յայտարարած է, թէ այս պատիժները միայն անոնց լրագրական գործունէութեան պատճառով սահմանուած ըլլալով, պիտի բողոքեն:
Էրէն Քէսքին յայտնած է, թէ թերթին մէջ այդ պաշտօնը վարած տարիներուն անոր սիւնակներուն մէջ լոյս տեսած «ահաբեկչութեան քարոզչութեան» մեղադրանքներու կապակցութեամբ շուրջ 50 դատ բացուած է իր դէմ: Ան աւելցուցած է, թէ Թուրքիոյ մէջ կը փորձեն մամլոյ եւ արտայայտութեան ազատութիւնը կաշկանդել նաեւ դատական միջոցներով:
Կը սպասուի նաեւ, որ սոյն դատի ընթացքին արծարծուի Քէսքին անցագրի գրաւման եւ անոր դէմ եղած երեք տարուան բանտարկութեան վճիռի հարցերը: