image

Բանտարկուած Էրէն Քէսքին «Կիւնտէմ» թերթի հարցով վկայութիւն պիտի տայ

Բանտարկուած Էրէն Քէսքին «Կիւնտէմ» թերթի հարցով վկայութիւն պիտի  տայ

Թուրքիոյ իշխանութիւններուն պնդումով փակուած «Էօզկիւր Կիւնտէմ»  թերթի հարցով,  թերթի նախկին խմբագիր եւ իրաւապաշտպան   Էրէն  Քէսքին  այսօր  Պոլսոյ  դատարանին  առաջ վկայութիւն պիտի  տայ: Այս մասին լուրը կը փոխանցէ «Տէմոքրաթ Հապէր» կայքը: Աղբիւրը նաեւ կը հաղորդէ, որ դատական նիստին համընթաց     Քէսքին  ի  նպաստ զօրակցութեան  հաւաքներ պիտի կայացուին, որոնց իրենց մասնակցութիւնը  պիտի բերեն  քաղաքացիական շարժման  աքթիւիսթներ  եւ  «Շաբաթ օրուան մայրեր» անունով յայտնի միութեան  անդամներ:  Նշենք, որ, Հայ դատի ի նպաստ իր դիրքորոշումով ծանօթ փաստաբանուհի Էրէն Քէսքին եւ նոյն թերթի նախկին խմբագրապետ Ռէյհան Չափան, այդ թերթին մէջ լոյս ընծայուած յօդուածներով «ահաբեկչական կազմակերպութեան քարոզչութիւն» ընելու մեղադրանքով անցնող յունիսին 3 տարի եւ  9 ամիս բանտարկութեան դատապարտուած էին:

Վճիռին մէջ նշուած է, որ անոնք անցեալին ալ դատապարտուած ըլլալով՝ պատիժներու զեղչ կամ որեւէ փոփոխութիւն չի նախատեսուիր:

Թերթին փաստաբանը Էօզճան Քըլըչ յայտարարած է, թէ այս պատիժները միայն անոնց լրագրական գործունէութեան պատճառով սահմանուած ըլլալով, պիտի բողոքեն:

Էրէն Քէսքին յայտնած է, թէ թերթին մէջ այդ պաշտօնը վարած տարիներուն անոր սիւնակներուն մէջ լոյս տեսած «ահաբեկչութեան քարոզչութեան» մեղադրանքներու կապակցութեամբ շուրջ 50 դատ բացուած է իր դէմ: Ան աւելցուցած է, թէ Թուրքիոյ մէջ կը փորձեն մամլոյ եւ արտայայտութեան ազատութիւնը կաշկանդել նաեւ դատական միջոցներով:

 

 Կը սպասուի նաեւ, որ սոյն դատի   ընթացքին  արծարծուի Քէսքին  անցագրի գրաւման  եւ անոր դէմ եղած  երեք տարուան բանտարկութեան վճիռի  հարցերը: