Անցեալ գիշեր ղարաբաղա-ազրպէյճանական սահմանի հարաւային (Հադրութ), արեւելեան (Մարտունի-Ակնա) եւ հիւսիսարեւելեան (Մարտակերտ) ուղղութիւններով հակառակորդը հրադադարի պահպանման ռէժիմը խախտած է շուրջ 50 անգամ՝ արձակելով աւելի քան 900 կրակոց: Այս մասին կը տեղեկացնէ ԼՂՀ ՊՆ մամլոյ ծառայութիւնը, նշելով, որ բացի հրաձգային զինատեսակներէ, Մարտակերտի ուղղութեամբ ազրպէյճանական զինուժը կիրառած է ականանետ /11 արկ/:
ՊԲ առաջապահ ստորաբաժանումները, հիւսիսարեւելեան ուղղութեամբ դիմած են համարժէք պատասխան գործողութիւններիու: