image

Այսօր Մարտակերտի ազատագրման օրն է

Այսօր Մարտակերտի ազատագրման օրն է

28 տարի առաջ՝ այս օրը, ազատագրուեցաւ Մարտակերտը:

Քարվաճառի ռազմական գործողութենէն ետք, երբ ջախջախուած էր ատրպէյճանական զինուժի Լաչին-քելբաջարեան խմբաւորումը, ՊԲ հրամանտարութիւնը ձեռնամուխ եղած է Մարտակերտի ազատագրման ռազմական գործողութեան մշակմանն ու նախապատրաստման։ Կարճ ժամանակամիջոցի մէջ իրականացուած է ուժերու եւ միջոցներու վերախմբաւորում։ Հակառակորդի ուշադրութիւնը շեղելու նպատակով ծրագրուած է քանի մը ուղղութիւններով յարձակողական զործողութիւններ ձեռնարկել միաժամանակ։ Մարտակերտ քաղաքի մօտ կեդրոնացուած են Մարտակերտի, Ասկերանի, Մարտունիի, Շուշիի ՊՇ-ներէն ընտրուած հարուածային քանի մը ստորաբաժանումներ, կեդրոնական ուղղութեան զօրամասեր եւ ՀՀ շարք մը կամաւորական ջոկատներ։ Յունիսի 2-րդ կէսին, յաջողութեամբ իրականացնելով մարտական խնդիրները, հայկական ուժերը ազատագրած են մարտավարական կարեւորութեան քանի մը բարձունքներ ու բնագիծեր։ Մարտակերտի հարաւարեւելեան հատուածին մէջ գործող ղարաբաղեան զօրամիաւորումները, հակառակորդին զգալի կորուստներ պատճառելով, Խրամորթ եւ Փափրաւենդ գիւղերու ուղեգիծին դուրս եկած են Ակնա-Մարտակերտ ճանապարհի բնագիծը։ ՊԲ-ի ստորաբաժանումներու գործադրած ճնշման դիմագրաւելու համար թշնամին 26 Յունիսին մարտի մէջ մտցուցած է նաեւ մարտական ինքնաթիռներ։ Սակայն ՊԲ մարտիկները շարքէն հանած են մէկ ինքնաթիռ եւ տեւական ու յամառ մարտերէ ետք ազատագրած հեռուստաաշտարակի եւ «Պուշկենեալ» բարձունքները։ Ստանալով դիրքային առաւելութիւն՝ կրցած են հակառակորդին դուրս շպրտել Մարտակերտ քաղաքէն։ 27 Յունիսին ՊԲ ստորաբաժանումները մտած են Մարտակերտ եւ, 28 Յունիսին ազատագրելով քաղաքը, անցած են գերիշխող բարձունքներու ու հիմնական ճանապարհներու պաշտպանութեան եւ յարակից բնակավայրերու ազատագրման։

Այդ առթիւ այսօր՝ 28 Յունիսին, Մարտակերտի շրջանի վարչակազմի ղեկավար Հայկ Բախշիեանը շնորհաւորական ուղերձ յղած է եւ նշած, որ հարազատ քաղաքին մէջ ապրելով ու արարելով, միասին պիտի շարունակեն շենացնել Մարտակերտը:

«Ձեռք բերուած յաղթանակն ամրապնդելով` մեզ հաջողուեց տարեցտարի էլ աւելի հաստատուն դարձնել այն, շենացնելով եւ զարգացնելով Մարտակերտ քաղաքը։ Դրա ապացոյցը եղաւ 44-օրեայ պատերազմը, որից յետոյ էլ Մարտակերտը շարունակեց կանգուն մնալ ի շնորհիւ մեր քաջ ու հայրենասէր զաւակների, ընկերների ու եղբայրների։ Գլուխ եմ խոնարհում մեր նահատակուած հերոսների յիշատակի առջեւ` երախտագիտութիւնս յայտնելով մեր կողքին ապրող հերոսներին եւ հերոսածին մայրերին», - իր ուղերձին մէջ ըսած է ան: