image

Թշնամին կրակած է Կութ գիւղի ուղղութեամբ

Թշնամին կրակած է Կութ գիւղի ուղղութեամբ

ՀՀ Գեղարքունիքի մարզի սահմանապահ Կութ գիւղին մէջ տեղի ունեցած է հերթական «խաղաղ» միջադէպ. Նիկոլի՝ Քարվաճառի դաւաճանական յանձնումէն ետք գիւղի մերձակայքը դիրքաւորուած թշնամիի զինուորները կրակած են գիւղի հովիւին վրայ։ Այս մասին յայտնած է Yerkir.am-ը:

Գիւղէն յայտնած են, որ հովիւը, ձին նստած, փորձած է դէպի գիւղ քշել դիրքաւորուած թշնամիի տեսադաշտին տակ արածող նախիրը, եւ ճիշդ այդ պահուն թշնամին կրակած է հովիւին վրայ։ Ըստ նախնական տեղեկութեան՝ հովիւը, բարեբախտաբար, չէ տուժած, սակայն կրակոցներէն վնասուածքներ ստացած է ձին։ Կրակոցներէն վնասուած են նաեւ քանի մը կովեր։ Կրակահերթի տակ պահելով հովիւը՝ թշնամին առեւանգած է Կութ գիւղի նախիրը՝ շուրջ 50-60 գլուխ անասուն։