image

Ազատ Ու Անկախ Արցախը 25 Տարեկան է

Ազատ  Ու Անկախ Արցախը      25  Տարեկան է

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը այսօր կը նշէ, իր  անկախութեան 25-րդ տարեդարձը:  Արեան, հերոսական սխրանքներու եւ մեծ  զոհաբերումներու  գնով իր անկախութիւնը կերտած  այս  հողատարածքը ոչ միայն  իր ժողովուրդին,  այլ համայն հայութեան հպարտութեան  արգասիքն է: Գաղտնիք ալ չէ, որ արցախեան գոյամարտի առաջին օրերէն սփիւռքի հայութիւնն ալ, իր  տարբեր շերտերով, երանգներով  եւ գաղափարական տեսակներով  ապրեցաւ ու մաքառեցաւ Արցախով եւ  յանուն Արցախի:  

Եւ իրաւամբ,  հզօր խորհուրդ  էր երէկ ու հզօր  խորհուրդ կը մնայ այսօր ալ, որ Արցախի մէջ  եղող իւրաքանչիւր անկիւնադարձ  սրտի տրոփ դառնալով  կը հասնի աշխարհի ամէնէն հեռաւոր   կէտերուն   մէջ եղող  հայութեան:

 

Պիտի ըսէք պատմութեան   դաս, կամ   յաղթանակ  կերտած    հայու հպարտութեան վերջին  լաստ:  Պիտի ըսէք ցաւէն ու տառապանքէն, վիշտէն ու գաղթականութիւնէն  վերապրած հայութեան  վերջին յոյսն էր Արցախը,  որուն  յաղթանակին ամրագրումը   դարձաւ պարտք մեր բոլորի ուսերուն:  Այո,  կան  այս բոլորը,  սակայն ասոնցմէ վեր եւ  անդին,   Արցախի հերոսական   պատմութեան դրուագներուն  մէջ ամրագրուած են, մեր   ցեղային խորհուրդի   իրական  լաստերը:

Արցախը, ինչպէս երէկ, այսօր ալ փրկութեան լաստ եղաւ մեզի համար:

Մեր ինքնութեան  տագնապներուն,  ձուլումի   թանձր խաւարին մէջ  դուրս ցայտող, իբրեւ յոյսի     առագաստ, որուն  ապաւինելով մենք   նոր խարիսխներ պիտի նետենք:

Արցախը  մաքրեց  մեր ես-ը,   Արցախը       կերպարանք  ստացաւ   յաղթանակ  տարած մարդու հպարտութեամբ ու ատոր համար է, որ   ցանկացած  դէպքի  եւ ցանկացած կրակոցի  դիմաց , մենք  բոլորս իբրեւ մէկ  հայութիւն կը բոլորուինք հասնելու համար անոր  կարիքներուն:

 

Այսօր,  երբ տարբեր ամպիոններէ եւ տարբեր մակարդակներու վրայ   խօսակցութիւններ  կը լսուին,  որ Արցախի   հիմնախնդրին   առընթեր     զիջումներու   նոր  փուլ մը պիտի   ընթացք առնէ, Արցախի պատասխանը մէկ  է ու միահամուռ,որ  կ'ըսէ «Այն, ինչը որ  արիւնով առած ես,  սակարկութեան  առարկայ  չի կրնար  դառնալ»:

 Այս ոսկեզօծ ճշմարտութեան իրական  տէրերը Արցախի հերոս տղաներն են, որոնք իրենց ունեցած ամենաթանկ   արժէքով՝ կեանքով պատրաստ են     ամրօրէն  կառչած մնալ  այդ հողին եւ մինչեւ  վերջին շունչ  պահպանել  հերոսական  Արցախի  սահմանները:

 

Տեղին է նշել, որ  25 -ամեայ    Լեռնային Ղարաբաղի  Հանրապետութեան   զարգացումն ու  հզօրացումը, ինչպէս  երէկ այսօր ալ պիտի մնայ մեր բոլորին   համար անյետաձգելի եւ առաջնային գերխնդիր:

 

«Արարատ»  Պէյրութ