Կը մարենք Arevelk.am-ի ծննդեան 6-րդ տարեդարձի մոմերը եւ կը նետուինք նոր ճանապարհի։
Կը փափաքէինք անշուշտ, տօնական մթնոլորտի մը մէջ նշել մեր սիրելի թերթին՝ «Արեւելք»ին ծննդեան բախտորոշ օրը, սակայն ստեղծուած պայմանները, առկայ դժուարութիւնները ու ազգով մէկ մեզ պաշարած մարտահրաւէրները ընդհանուր վիճակը դարձուցած են բաւականին դժուարին, հորիզոնը ՝ մոխրագոյն ու ամենակարեւորը հարցադրումները ճակատագրական։
Սակայն մեզի համար ընկերկելու կամ տեղի տալու շարժառիթները վաղուց սպառած են
Սպառած են, որովհետեւ կը հաւատանք վաղուան, կը հաւատանք նոր գալիքին ու կը հաւատանք մանաւանդ մեր ժողովուրդի անմահութեան խորհուրդին։
6 Տարի առաջ, երբ առաջին խմբագրականը գրեցինք, Մերձաւոր Արեւելքի կեդրոն համարուող Սուրիան կ՚անցնէր դժուարին փուլերէ, այսօր տագնապը կայ, սակայն ձեւափոխումներու, աշխարհագրական փոփոխութիւններու ու նաեւ պայքարներու նոր հորիզոնը փոխադրուած է Լիբանան։
Բաց աստի Հայաստանը եւ Արցախն ալ նոյնը չեն, ինչ էին, 6 տարիներ առաջ ու անկախ մեր կամքին, մեր երազներէն ու տեսլականներէն ազգովին յայտնուած ենք մեծ փորձութիւններու յորձանուտին մէջ։
Այս բոլորն անշուշտ կը նշենք, ոչ միայն մատնացոյց ընելու առկայ հիմնահարցերը, այլ մանաւանդ ընդգծելու մեր եւ մեր ընկերներուն, հարազատներուն, բարեկամներու լայն շրջանակին ու մանաւանդ մեր աշխատանքը գնատահող բարերարներուն կամքն ու լաւատեսութիւնը, աշխատելու եւ ստեղծագործելու կորովը, առանց որուն «Արեւելք» այս օրուան պիտի չհասնէր ...։
Իսկ այս բոլորէն անդին, հարկ կը համարենք աշխարհով մէկ սփռուած մեր սիրելի ընթերցողներուն յայտնել, որ յառաջիկայ երկուշաբթի օր 12 յուլիսին «Արեւելք» կայքը իր ընթերցողներուն պիտի ներկայանայ բոլորովին նոր տեսքով, ընթերցանութիւնը վերածելով իսկական հաճոյքի, իսկ մեր կայքի բովանդակութիւնը դարձնելով աւելիով հասանելի, պայծառ եւ յստակութեամբ յորդուն։
Մեր նպատակը մէկ էր երէկ, եւ այդ նպատակը այսօր եւս պիտի շարունակէ մնալ նոյնը։
Մեր նպատակը երէկ, «Արեւելք»ը ամբողջ հայութեան հարթակը վերածելն էր։ Քաջ ու վստահ գիտնենք, որ մեզի համար լրագրութիւնը միայն աշխատանք չէ, այլ առաքելութիւն է, որուն եզրագիծերուն ալ ոսկեայ կանոնի պէս կը մնայ մեծ գիծ մը, որուն խորագիրն է Սփիւռքը ՝ Հայաստանին կապուած պահելու, եւ Հայաստանը դէպի Սփիւռք հասցնելու մտադրութիւնն ու ճիգը։
Հուսկ հայաշխարհի մամուլին մէջ 6 տարի առաջ սկսած մեր նաւարկութիւնը պիտի շարունակուի, պիտի շարունակուի մանաւանդ շնորհիւ ձեր բոլորի վստահութեան։
Բարի նաւարկութիւն։