image

Նիւ Ճըրզին դարձաւ 10-րդ նահանգը, որ ճանչցաւ Արցախը

Նիւ Ճըրզին դարձաւ 10-րդ նահանգը, որ ճանչցաւ Արցախը

 

Նիւ Ճըրզին դարձաւ ԱՄՆ 10-րդ նահանգը, որ ճանչցաւ Արցախը։ Ինչպէս կը յայտնէ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը, Նիւ Ճըրսիի Սենատը միաձայն ընդունած է Արցախի ճանաչման մասին բանաձեւը, որու նախաձեռնողը նահանգի սենատոր Ճոզեֆ Լականան է։

 

Այդ օրը աւելի վաղ ANCA-ի անդամներ Անի Չաղլասեանը եւ Ճօ Արիյեանը ցուցմունք տուած են Սենատի դատական յանձնաժողովին՝ ի պաշտպանութիւն այդ միջոցառման:

Ի լրումն Արցախի ճանաչման, բանաձեւը կը դատապարտէ Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը՝ Արցախի եւ Հայաստանի խաղաղ բնակչութեան դէմ յարձակման համար, եւ կը հաստատէ Նիւ Ճըրզի նահանգի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը: