image

«Այս սարերուն տէրն ու տիրականը միայն հայերն են»Աղաւնոյի գիւղապետ՝ Անդրանիկ Չաւուշեան

«Այս սարերուն տէրն ու տիրականը միայն հայերն են»Աղաւնոյի գիւղապետ՝  Անդրանիկ Չաւուշեան

«Արեւելք» կրկին հետաքրքրուելով Արցախի Աղաւնօ գիւղի մասին, որուն կարգավիճակը պատերազմէն ետք տակաւին յստակ չէ, կապ հաստատեց  Աղաւնոյի գիւղապետ, հայրենադարձ, ՀՅԴ անդամ՝ Անդրանիկ Չաւուշեանի հետ:

Չաւուշեան մատնանշեց, թէ ո՛չ վարչապետը, ո՛չ ռուսները եւ ո՛չ ատրպէճանցիները կրնան որոշել, որ այն հողերը, ուր հայը ապրած է դարէ դար, կը մտնեն ատրպէյճանական կազմին մէջ:

Ըստ գիւղապետին, ազգի զաւակն է, որ իր ազգային արժէքները հայկական պիտի պահպանէ, որքան որ ռուսական կողմը  ստանձնէ պաշտպանութիւնը,- «Ներկայիս, երեւոյթը այնպէս է, որ ռուս խաղաղապահները կը պաշտպանեն, բայց որեւէ ատեն անոնք կրնան չընել այդ, հետեւաբար մեր յոյսը միշտ մեր վրան պէտք է դնենք, Աստուծոյ օգնութեամբ»:

Գիւղապետը ափսոսալով ընդգծեց, «Ես չեմ հաշտուիր այն մտքին հետ, որ այլեւս երկիր չկայ, պիտի ըսենք ժամանակաւոր չկայ, որովհետեւ ետ պիտի վերցնենք մեր բոլոր կորուստները»: Ան աւելցուց թէ անշուշտ այդ միայն հայերուն հետ կապուած չէ, այլ նաեւ միջազգային քաղաքականութեան ու շատ այլ հարցերու  հետ: Բայց ըստ Չաւուշեանի ան որ առանց կռիւի կը յանձնէ, չի կրնար պահել այդ սարերը,- «Այս սարերուն  տէրն ու տիրականը հայն է, հայը միայն կրնայ անոնց լեզուէն հասկնալ»: Եւ եթէ երկիր չմնայ ալ ինչ գիւղապետի,  մարզպետի կամ  նախարարի մասին է խօսքը:

Իսկ թէ ինչ կը հաղորդեն պետական մարմինները իրենց գիւղի  կարգավիճակի մասին, գիւղապետը կատակելով ըսաւ թէ «աչքիս կը դառնանք «Աղաւնօ պետութիւն»: Պետական մարմինները նոյնիսկ եթէ տիրապետեն տեղեկատուութեան, մեզի լուր չեն տար»: Ան շարունակեց  թէ, կ'ուզէ լսել միայն յաղթանակի մասին, տարածքներ վերցնելու մասին այլ ոչ թէ լքելու,- «Տհաճ է յանձնուելու մասին լսել, այդ չեմ ընդունիր,  թերեւս անոր համար ալ ընդհանրապէս ոչ մէկ բան կը տեղեկացնեն ինծի»:

Աղաւնոյի գիւղապետը եզրափակեց «Հիմա այդ պահն է, որ բոլորս իրար վստահինք որոշ չափով եւ անցնինք գործնականի»: