image

Մինչ աշխարհը կը թփռտայ, մարդկութիւնը՝ կը թրթռայ, Հայութիւնը ո՞ւր է. Գրեց՝ Պարոյր Յ. Աղպաշեան

Մինչ աշխարհը կը թփռտայ, մարդկութիւնը՝ կը թրթռայ, Հայութիւնը ո՞ւր է. Գրեց՝ Պարոյր Յ. Աղպաշեան

Աշխարհը՝

- Կ’եռայ իր տագնապներով։

- Կը պղպջակի իր ելեւէջներով։

- Կը բորբոքի իր ցնցումներով։

- Կը գալարի իր հարուածներով։

- Կը խոցոտուի իր մորմոքներով։

Իսկ մարդկութիւնը՝

- Կը բեկորուի իր տառապանքներով։

- Կը հիւծուի իր խայթոցներով։

- Կը վտանգուի իր կեանքով։

- Կը պառակտուի իր գոյութեամբ։

- Կը յօշոտուի իր հեռու թէ մօտիկ մերձաւորներով։

Այս տխուր ու սեւ պատկերը նորութիւն չէ, ոչ ալ անցողակի, միշտ եղած է ու կայ, միշտ ալ դեգերած է աջ ու ձախ, վեր ու վար, բայց այն ինչի մասին կը խօսուի, կ’ակնարկուի կամ կը յիշուի, բոլորովին նոր բռնապետութեամբ, վայրագութեամբ, անասնութեամբ եւ անմարդկայնութեամբ կը բնորոշուի եւ կը յատկանշուի, եւ ոչ միայն քիչ մը որոշ տեղերու կամ հարթակներու վրայ, այլ՝ համարեա տիեզերքի ամէն հորիզոնականներէն եւ անկիւններէն... աշխարհը կը թփռտայ ու մարդկութիւնը կը թրթռայ, վերածուելով զոհի ու դիակի։

Այս ընդգծումները ի՞նչ կը նշանակեն կամ կ’ապացուցանեն, եթէ ոչ՝ համաշխարհային գայթակղութիւններու ամբողջական շարաններ, կուտակումներ ու պոռթկումներ, որոնց հեղինակներն են այն պետութիւնները կամ իշխանութիւնները, որոնք «վարժ» են ապակայունացնել ու վտանգել, ոչ միայն իրենց շրջակայքերը, այլեւ՝ հեռաւոր ցամաքամասերն ու ափերը։

Այլապէս, ինչպէ՞ս բացատրելկամ նկարագրել, հոս ու հոն տեղի ունեցող տեղաշարժերը, բռնկումներն ու պայթիւնները, որոնք աշխարհը կ’ալեկոծեն ու մարդկութիւնը կը մասնատեն։

Ամենէն մտահոգիչը եւ ապշեցուցիչը այն է, որ այս եւ նման թոհուբոհներ կազմակերպող, հիւսող ու հրահրող կողմեր, միշտ ալ, նոյն բռնամարտիկներն են, որոնք «մասնագէտ»ներ են՝ «աշխարհն ու մարդկութիւն»ը պահելու իրենց բռունցքներուն ու ծոցերուն մէջ, մինչեւ որ զանոնք արիւնաքամ կամ խեղդամահ ընեն։

Զսպողնե՞ր, այդպիսի տմարդի սանձարձակներուն, չկա՜ն ու չեն կրնար ըլլալ, այնքան ատեն որ՝ անոնք ինքզինքնին կը նկատեն՝ «կեղծ» խաղաղասէրներ, ոգիով՝ մարդակերներ, նաեւ հոգեաբանութեամբ՝ անմարդկայիններ, «գազանաբարոյ»՝ մունետիկներ, եւ, ամենէն ահաւորը, իրենք իսկ իրենց ինքնութեան ուրացողները։

***

Արտառոցը եւ տարօրինակը (արդեօ՞ք) այն է, որ ամէն ոք կամ կողմ, ինքզինք կը հռչակէ «անմեղ», իր խաղաղասիրութեամբ, մարդասիրութեամբ, բարեկեցութեամբ եւ ապահովութեամբ, մինչդեռ, նոյն այդ «վհուկ»ներն են, որոնք յականէ-անուանէ, բայց, միշտ բացայայատ ստորութեամբ, կը նեխեն շրջապատներն ու մթնոլորտները, յետագային ալ, հագնելով «հուրի-բերրի»ներու... կեղծապատիր ու շնորհազուրկ պատմուճաններ։

Պէտք կա՞յ համոզուելու կամ ընդունելու, որ՝ ա՛յս է տիրող (ան)կարգավիճակը՝ աշխարհին ու մարդկութեան, որոնք հանդէս կու գան իրենց խոցելի դերակատարութիւններով, մէկը՝ իր աշխարհացրիւ թունաւորումներով, միւսը՝ իր ոչխարամտութեամբ (նաեւ աղուէսամտութեամբ)։

Դժբախտաբար, այս է գորշ կացութիւնը, որ դարձած է ամենօրեայ մղձաւանջ, ոմանց համար հասկնալի, ուրիշներու համար՝ անհասկնալի, բայց, վերջին հաշուով, կա՛յ անխուսափելի իրականութիւն մը, ինքզինք պարտադրելու ու տարածուելու ահեղ մոլեգնութեամբ։

Վստահաբար, այս է պատճառը, որ՝ աշխարհը լրիւ շրջուած կարգով կը գլորի եւ իր ետեւէն կը գլորէ... ցամաքամասեր, իսկ մարդկութիւնը կը շարժի, համաձայն իր սեւեռումներուն, քմահաճումներուն ու պահանջքներուն, սակայն, միշտ ձախողութեան ու ձախաւերութեան դիտարկումներով։

Այս համաշխարհային ու համամարդկային խառնիճաղանչին մէջ, երբ աշխարհը նոր ձեւափոխումներով ու քարտէսագրումներով յղի է, իսկ մարդկութիւնը՝ ոլոր-մոլոր իր գոյութիւնը կը փորձէ համակերպել ու համալրել, հետաքրքրական է, անոնք ո՞ւր կ’երթան եւ ո՞ւր կը տանին իրենց հետեւորդները։

Անտարակո՛յս, այս հարցադրումներուն պատասխաները, եթէ ոչ լրիւ, գէթ մասնակի, նոյնիսկ ամբողջական առումներով, կան «վերնախաւ»երուն մօտ, որմէ տեղեակ չեն «վարնախաւ»երը, բայց, այդ խաղքութիւնները կամ կաղացումները, ո՞վ ըրսաւ որ, կը նկատուին օրինակելի կամ տանելի չափանիշներ։

Այստեղէն եւ այս կէտերէն է, որ կը սկսին խարխափումներն ու խախտումները, որոնց՝ սատանայական կամ խաբեբայական «կռունկ»ներուն տակ, կը փճանան թոյլերը, որոհվետեւ, անոնք չեն անդրադառնար (կամ կ’անդրադառնա՞ն բայց կը լռե՞ն), որ՝ դիմադրելը կամ հակազդելը, չի կրնար ըլլալ լոկ կամայական կամ պատահական, այլ՝ կազմակերպչական ու հիմնական։

Ահա թէ ինչո՛ւ՝ երբ լուսարձակի տակ կ’առնուին վերոյիշեալ չափանիշները, իրենց նշմարելի ու կշռելի ցուցանիշներով, անհրաժեշտ կը դառնան այդ սլացքներով կողմնորոշուիլ, բացայայտուիլ ու պարզաբանուիլ, այլապէս՝ ամէն ինչ կրնայ հակառակ արդիւնք տալ կամ առաջնորդել դէպի անորոշութիւններ։

***

Մեր այս ընդհանրական ակնարկը, ստիպողական կը դարձնէ նաեւ անդրադառնալ ու կեդրոնանալ ՀԱՅ ՀԱՄԱՏԱՐԱԾ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ, գլխաւորաբար, ուրուագծելով Հայաստանի մէջ տիրող իրավիճակին ահաւորութիւնը, որ հասած է աւելի քան մտահոգիչ եւ անդունդային սահմաններու։

Ծանօթ ճշմարտութիւն է, որ վերջին ծանր ամիսներուն, Հայաստանը կ’ապրի լաւաքանդային զգայացունց շարժումներ, ԵԿԵՂԵՑԻ-ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆ բուռն եւ աննախընթաց զարգացումներով, որոնք ո՛չ դադար, ո՛չ մեղմացում, ո՛չ ալ զսպուածութիւն կ’արձանագրեն, ընդհակառակը, օրը մէկ, նոր բռնկում կը ծագի, նոր աւերներով։

Կը թուի թէ այդ եղելութիւնները, ոչ միայն մօտ ապագային, այլ ընդերկար շարունակուելու սուր ճակատագիրի մը դատապարտուած են, մանաւանդ, երբ կը տեսնուին, զոյգ բեւեռներուն փոխադարձ անզիջողութիւնները (իրարու նկատմամբ եւ իրենց դիրքերէն), ինչ որ աւելիով կը հաստատէ, յաւելեալ ճակատումներու անխուսափելիութիւնները։

Փաստ է, որ հայրենի ժնողովուրդը, ըստ էութեան, բաժնուած է երկու հիմնական առանցքներու եւ իւրաքանչիւր կողմ, բռնօրէն կառչած կը մնայ իր դիրքերուն։

Ձիւնհալութեան նշո՞յլ, ոչ մէկ տեսանկիւնէ չի նշմարուիր, ընդհակառակը, բախումնային տրամադրութիւնները շատ աւելի շեշտուած են, իրենց բրտութեամբ ու կոշտութեամբ, թէեւ ատոնք չեն հասած յոռեգոյնին, փառք տալով, որ վատագոյն սահմանագիծեր չեն յայտնուիր...։

Սակայն, բոլոր երեւոյթները եւ յառաջխաղացքները, չեն գուշեր դոյզն լաւատեսութիւններ, ոչ ալ կը յուշեն բարեբերութիւններ, ի տես կողմերուն անզիջումներուն, նահանջներուն կամ «դրական եզրոյթ»ի մը յանգելու հաւանականութեան։

Այսօր, Հայաստանը մատնուած է ակամայ, բայց, պարտադիր... անգործութեան, որովհետեւ ամբողջ տարածքները կլանուած են հակընդիր հաւաքականութիւններով, հրապարակները ողողուած են՝ հասարակական համախմբումներով, պողոտաները խճողուած են հանրահաւաքներով, ուր գոռումները, բացականչութիւններն ու պահանջատիրութիւնները կը խլացնեն ամբողջ հայրենիքը, իսկ եկեղեցիները վերածուած են ամենօրեայ հանդիպումներու վայրի, ոչ միայն ժողովուրդին կողմէ, այլեւ՝ եկեղեցականներու եւ իշխանաւորներու մասնակցութեամբ, արդեօ՞ք, սակայն, բոլոր ժամանողները, այցելուները կամ մասնակիցները, ԻՍԿԱԿԱՆ եկեղեցական հաւատքէն կամ ուխտէն հոն կը յաճախեն, կամ... առ ի ցուցմունք լուսաբանելի ու պարզելի երեւոյթ, արդարեւ։

Յանկարծ, եկեղեցամէտութիւնը ու պատարագապաշտութիւնը դարձան բոլորին համար սիրելի՜ եւ անգի՜ն բարեպաշտութիւններ, առանց սակայն, մտածելու, թէ ինչպէ՞ս պիտի բառնան իրենց աքցանեալ դրութիւններէն եւ ինչ վախճան կը սպասուի, թէ՛ ժողովրդական ժխորներուն, թէ՛ իշխանաւորներու խստապահանջութեանց ու ծայրայեղութեանց զսպումներուն։

Աշխարհը, իր բարեկիրթ ու չարակիրթ հատուածներով, Հայաստանի մէջ գոյացած խլտրումները կը դիտէ ու կը հետեւի անհանդարտելի անցուդարձերուն, ոմանք զարմանքով, որ Քրիստոնէութեամբ օրհնուած երկիր մը, ինքզինք յանձնած է մաղձի ու մոլուցքի... ժիրաններուն, իսկ ուրիշներ, հեգնանքով կ’ականատեսեն ու կը հրճուին ներհայաստանեան դէպքերուն, ապահովաբար, աւելին ցանկալով անոր... անկումներուն։

Այդուհանդերձ, գահավիժումը կը շարունակուի, կը տարածուի ու կը վերանորոգուի, անխնաօրէն, անզուսպօրէն եւ անսանձօրէն, մինչ բանտախուցերը ու կալանավայրերը, այնքան խճողուած են, որ համարեա տեղ չկայ նորերուն, նոյնիսկ... «վիզա» ունեցողներուն։

Յաճախ հարց կը տրուի, թէ հայաստանցի մտաւորականները «խելագարուած ամբոխ»ներուն մէջ, ո՞ւր կը գտնուին։ Ճիշդ է, նախորդ ժամանակներու չափանիշներով, մեծութիւններ չկան, բայց, կան, խոհեմ ու գիտակից մտաւորականներ, ճոխ վաստակով օժտուածներ, բայց, հրապարակէն... բացակայ են։

Ես յաճախ իմ անցեալի դասընկերներուս հարց տուած եմ. «ո՞ւր էք, դուք, չէ՞ որ ամենէն շատ ձեզի պէտք ունի հայրենիքը»։ Պատասխանները միշտ ալ խուսափողական եղած են, եւ կամ պատճառաբանութիւններ, որոնք այնքան ալ համոզիչ չեն, բայց, իրենց մռայլ պայմաններէն մեկնելով, այլ միջոցներ չեն տեսներ... ափսո՜ս։

***

Այս կարգավիճակները ի՞նչ արձագանգներ եւ ազդեցութիւններ կը ձգեն Սփիւռքի վրայ, որ, յետ եղեռնը, իր ամբողջ կեանքը նուիրեց հայրենիքին, անորմով ապրեցաւ եւ շնչեց, սերունդներ դաստիարակեց ու կրթեց, որպէսզի անոնք միշտ կառչած մնան անոր։

Բարդ է սփիւռքահայուն հոգեբանութիւնը, տեսնելով Հայաստանի տակաւ եռքը, իր երկգլխանիութեամբ, երբեմն ալ՝ բազմագլխանիութեամբ, որ տարակուսանքներու կը մատնէ զինք։

Այդ պատճառով ալ, առանց անտեսելու կամ շրջանցելու հոն «խլրտուող» շարժումները, խոհեմութիւնը կը պահանջէ չմիջամտել անոնց «ներքին հարցերուն», բայց, ատիկա չի նշանակեր, որ սփիւռքահայութիւնը, տեսակէտ կամ կեցուածք չունենայ, այնքան ատեն որ՝ երկուքն ալ, Ս. Եկեղեցին ու պետութիւնը, անքակտելի զոյգեր են, ուստի պէտք է մնան աներեր, ամրախինդ ու հարազատ, միանգամա՛յն, իսկ անոնց զօրավիգ կանգնիլը՝ սրբազան պարտականութիւն։

Այս մօտեցումն ու վերաբերմունքը բացարձակ անհրաժեշտութիւններ են, որոնցմով միայն հայութիւնը կրնայ դիմագրաւել դժուարութիւնները, անոնք ըլլան ներքին թէ արտաքին, հետեւաբար, այդ սկզբունքներով պէտք է ընթանալ ու զօրակցութիւն ցուցաբերել, անխաթար հիմունքներով գործելու եւ արդիւնաւորուելու վճռակամնութեամբ։

 

Պարոյր Յ. Աղպաշեան

(Պէյրութ)