Ամերիկա հաստատուած եւ Քալիֆորնիոյ համալսարանի դոցենտ՝ հայ գիտնական Արթուր Դաւոյեան, յղացած է խելագար գաղափար մը, որ կրնայ դրական առումով գլխիվայր շրջել Տիեզերքի ուսումնասիրման ոլորտը:
Դաւոյեան կը ծրագրէ իր այդ գաղափարով շրջանցել Տիեզերքին մէջ շարժելու մեր ստեղծած սարքերու դանդաղութիւնը ու անոնց հաղորդել մեզի տակաւին անհասանելի թուացող արագութիւններ:
Հայ գիտնականը իր գաղափարը պիտի իրագործէ, արեւային առագաստներու միջոցով:
Ըստ գիտնականին՝ առագաստներով զինուած այդ սարքերը շատ պիտի մօտենան Արեւին ու օգտագործելով, Արեւի հրման ուժը, պիտի զարգացնեն շատ մեծ արագութիւններ (ինչպէս առագաստանաւերը կ'օգտագործեն քամիի ուժը):
Փրոֆեսոր Դաւոյեան արդէն իսկ ֆինանասաւորում (grant) ստացած է NASA-էն՝ այս արհեստագիտութեան նախնական տարբերակը ստուգելու համար:
Ըստ ծրագրուածին՝ նկարագրուած առագաստներով սարքերը պէտք է կարողանան Մարս հասնիլ օրերու, Լուսնթագ ու Նեպտիւն ամիսներու, իսկ Երկրէն ամենահեռուն գտնուող սարքաւորման՝ Voyager-1-ին (շուրջ 20 միլիառ քիլոմեթր հեռաւորութիւն) ընդամէնը 2,5 տարուայ ընթացքին:
Ու եթէ այս արհեստագիտութիւնը յաջողի, ապա վերոնշեալ արագութիւնները կ'ըլլան պարզապէս սկիզբը միայն:
Գրառումը՝ Ապրես Զոհրապեանի