image

Հայաստան ողջունած է Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ հրադադարը

Հայաստան ողջունած է Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ հրադադարը

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութիւն տարածած է՝ ողջունելով Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ կնքուած 10-օրեայ հրադադարը։

Այս մասին նշուած է ԱԳ նախարարութեան X-ի էջին եղած գրառման մէջ։

«Մենք ողջունում ենք Լիբանանում 10-օրեայ հրադադարը, որը ձեռք է բերուել ԱՄՆ նախագահ Դոնալդ Թրամփի միջնորդական ջանքերի շնորհիւ՝ որպէս լարուածութեան թուլացման ուղղութեամբ կարեւոր քայլ»,-ըսուած է Արտաքին գործոց նախարարութեան գրառման մէջ։

ՀՀ արտաքին քաղաքական գերատեսչութենէն նաեւ յոյս յայտնած են, որ այս զարգացումը պիտի նպաստէ տարածաշրջանին մէջ համապարփակ եւ կայուն խաղաղութեան՝ յարգելով կողմերու տարածքային ամբողջականութիւնը։