image
Հրատապ լուրեր:

«Հիանալի եւ յիշարժան հանգրուան մը.Մայքըլ կրտսերի տարեդարձին առթիւ». Մայք Սարեանի գրառումը

«Հիանալի եւ յիշարժան հանգրուան մը.Մայքըլ կրտսերի տարեդարձին առթիւ». Մայք Սարեանի  գրառումը

Օրերս իր լրումին հասած է ամերիկահայ  հանրայայտ բարերար Մայք Սարեանի   կրտսեր զաւակին՝ Մայքըլ կրտսեր Սարեանի  ծննդեան առաջին տարեդարձը։

Այս առթիւ կը ներկայացնենք փոքրիկի հօր՝ մայք Սարեանի գրառումը 

Այսօր՝ Ապրիլ 11-ը, յատուկ եւ նշանակալից օր մըն է ինծի եւ մեր ընտանիքին համար։ Մէկ տարի առաջ այս օրը ծնաւ իմ որդիս՝ Մայքըլ Երչանիկը։ Ան իր հետ բերաւ մեծ ուրախութիւն եւ երջանկութիւն՝ ոչ միայն ինծի, այլ ամբողջ մեր ընտանիքին՝ իմ աղջիկէս՝ Քրիստընէն ետք, որպէս գեղեցիկ եւ օրհնուած զաւակ։

Անցնող տարին եղաւ յատուկ եւ յագեցած՝ նաեւ դժուարութիւններով եւ անձնական փորձութիւններով։ Մի քանի ամիս առաջ կորսնցուցի մայրս, եւ անոր յիշատակը ամէն օր ինծի հետ է։ Ան անշուշտ շատ երջանիկ պիտի ըլլար այսօր՝ տեսնելով Մայքըլը։

Այսօր պիտի տօնենք Մայքըլի առաջին տարեդարձը՝ հիանալի եւ յիշարժան հանգրուան մը։

Ծնունդդ շնորհաւոր, սիրելի՛ Մայքըլ։ Կը աղօթենք Աստուծոյ՝ այս աննման կեանքի պարգեւին համար։

Ծնունդդ շնորհաւոր, Մայքըլ ❤️❤️❤️