Վրաստանի խորհրդարանին մէջ այսօր պիտի քննարկուի Լեռնային Ղարաբաղի հարցը: Հարցը կը նախատեսուի քննարկել Պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան խորհրդարանական կոմիտէէն ներս, կը յայտնէ 1tv.ge-ն։
Կոմիտէի օրակարգին մէջ նշուած է, որ քննարկումը պիտի կեդրոնանայ «Լեռնային Ղարաբաղի խաղաղութեան համաձայնագրի ազդեցութիւնը Հարաւային Կովկասի անվտանգութեան միջավայրի վրայ» թեմային: Կոմիտէի շրջածիրէն ներս պատգամաւորները պիտի լսեն հետախուզական ծառայութեան ղեկավարի պաշտօնակատար Շալվա Լոմիձէին:
Նիստը, հաւանաբար, փակ պիտի ըլլայ։