image

Եթէ Քոչարեան ընտրութիւններուն յաղթէ Արցախի մէջ նոր իրավիճակ կրնայ ստեղծուիլ

Եթէ Քոչարեան ընտրութիւններուն յաղթէ Արցախի մէջ նոր իրավիճակ կրնայ ստեղծուիլ

Հայաստանի նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը սկսած է ստանալ աջակցութիւն բնակչութեան կողմէ: Ընտրութիւններուն անոր յաղթանակի պարագային ղարաբաղեան կարգաւորման հարցով իրավիճակը կը փոխուի, սակայն այդ ուղղութեամբ որեւէ պարագայի դրական դերակատարում կ'ունենան ռուս միջնորդներն ու խաղաղապահները: Այս մասին կարծիք յայտնած է «Եւրասիական զարգացում» փորձագիտական կեդրոնի գործադիր տնօրէն Սթանիսլաւ Փրիտչինը, կը հաղորդէ ՌԻԱ Նովոստի-ն:

«Եթէ քանի մը ամիս առաջ... (իրավիճակը ցոյց կու տար– խմբ.) Փաշինեանը միանշանակ կը յաղթէր, ապա այժմ ակնյայտ կը դառնայ, որ աջակցութիւն ունի նաեւ նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը: Հասկնալի է, որ ամէն ինչ պիտի պարզուի քուէարկութեան արդիւնքով, սակայն ան (Քոչարեանը – խմբ.) ունի հնարաւորութիւններ: Եւ այդ ժամանակ լրիւ այլ իրավիճակ պիտի ըլլայ նաեւ ղարաբաղեան կարգաւորման հարցով: Սակայն ամէն պարագայի ռուսական միջնորդութիւնն ու ռուսական խաղաղապահները դրական դեր պիտի խաղան, քանի որ կայ դրութիւնը պահպանելու հարցով հետաքրքրուածութիւն»,-լրագրողներուն ըսած է փորձագէտը: