«Հիմք ընդունելով վարչապետի առաջարկութիւնը` համաձայն Սահմանադրութեան 133-րդ յօդուածի 1-ին մասի, ինչպէս նաեւ «Ազգային անվտանգութեան մարմիններում ծառայութեան մասին» օրէնքի 18-րդ յօդուածի 2-րդ մասի.
Անդրանիկ Սիմոնեանին նշանակել Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէնի տեղակալ»,- ըսուած է Նախագահի հրամանագիրին մէջ:
Յատկանշական է, որ այսօր առաւօտեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի որոշմամբ Անդրանիկ Սիմոնեանն ազատուած է Քննչական կոմիտէի նախագահի տեղակալի պաշտօնէն: Ան այդ պաշտօնին նշանակուած էր քանի մը օր առաջ՝ 26 մարտին: