image

«Armenian Heritage: A Virtual Pilgrimage» նախաձեռնութիւնը պիտի ներկայացուի Կլենտէյլի մէջ

«Armenian Heritage: A Virtual Pilgrimage» նախաձեռնութիւնը պիտի ներկայացուի Կլենտէյլի մէջ

Հինգշաբթի, 19 մայիսին, Կլենտէյլի «Պրենտ» գրադարանի եւ արուեստի կեդրոնի սրահին մէջ պիտի ներկայացուին «Armenian Heritage: A Virtual Pilgrimage» նախաձեռնութիւնը, որ կը միտի թուայնացման միջոցաւ պահպանել հայկական մշակութային հարստութիւնը: Նախաձեռնութիւնը կ'իրականացուի «ԹՈՒՄՕ» ստեղծագործական արհեստագիտութեան կեդրոնին եւ «ՍայԱրք» հասութաբեր կազմակերպութեան համագործակցութեամբ: 

Այս ներկայացումը մաս կը կազմէ «Հայաստան. Բաց Վէրք Մը» ցուցահանդէսին զուգահեռ տեղի ունեցող հանրային ձեռնարկներու շարքին։ Ցուցահանդէսը կազմակերպուած է Կլենտէյլ քաղաքի եւ անոր՝ Գրադարան, արուեստներ ու մշակոյթ բաժանմունքին, ինչպէս նաեւ ամերիկահայութեան թանգարանին համագործակցութեամբ։ Ցուցահանդէսին պաշտօնական բացումը տեղի ունեցած էր 16 Ապրիլին եւ բաց պիտի գործէ մինչեւ Յունիս 11:

Յիշենք, որ սոյն ցուցահանդէսը անցեալ տարի ցուցադրուած էր նաեւ Մեքսիքօ Սիթիի Յիշողութեան եւ հանդուրժողութեան թանգարանին մէջ, Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով։