Յառաջիկայ 6 յուլիսին Երեւանի «Թէքէեան» մշակութային միութեան յարկին տակ հանրութեան պիտի ներկայացուի ՌԱԿ-եան ազդեցիկ գործիչ, «Թէքէեան» մշակութային միութեան Ամերիկեան ափի նախագահ, հրապարակախօս՝ Երուանդ Ազատեանի նորատիպը։
«Ազգային-Քաղաքական յորձանուտին մէջ» վերնագրուած հատորը կ՚ընդգրկէ հեղինակին վերջին ժամանակներուն հայկական մամուլին մէջ տարածուած յօդուածները, որոնք հիմնականին մէջ կը ցոլացնեն հայկական իրականութեան բազում խնդիրներն ու հիմնահարցերը։
«Արեւելք»ի ընթերցողներուն յիշեցնենք,որ Ազատեան նաեւ խմբագիրն է Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան մամուլի կարկառուն ներկայացուցիչներէն համարուող «Պայքար» շաբաթաթերթին։