image

Արմէն Սարգսեան Ազգային Ժողովէն ներս հանդիպած է Արարատ Միրզոյեանին

Արմէն  Սարգսեան Ազգային Ժողովէն ներս հանդիպած է Արարատ Միրզոյեանին

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ՝ Արմէն Սարգսեան այսօր այցելած է Ազգային ժողով եւ հանդիպում ունեցած ԱԺ նախագահ՝ Արարատ Միրզոյեանին հետ:

Նախագահ Սարգսեան անգամ մը եւս առողջութիւն մաղթած է ԱԺ նախագահին՝ կրկին խստօրէն դատապարտելով անոր նկատմամբ կատարուածը եւ անթոյլատրելի համարած բռնութեան որեւէ դրսեւորում: Նախագահը համոզմունք յայտնած է, որ յատկապէս մեր երկրի ու ժողովուրդի համար այս բարդ իրավիճակին մէջ, գերիշխող պէտք է ըլլան բարձր պատասխանատւութիւնն ու զսպուածութիւնը եւ բացառուին անհանդուրժողականութեան եւ բռնութեան կոչերն ու գործողութիւնները:

Հանդիպման, նախագահ՝ Սարգսեանն ու ԱԺ նախագահը մտքեր փոխանակած են երկրին մէջ ստեղծուած ներկայ իրավիճակին շուրջ եւ խօսած հանգուցալուծման հնարաւոր ճանապարհներու մասին: