image

Արեւմուտքը Եւ Մոսկուան Որոշած Են Հեռացնել Էրտողանը

Արեւմուտքը Եւ Մոսկուան Որոշած Են Հեռացնել Էրտողանը

«Շամ Թայմըզ» կայքէջը, անդրադառնալով ամերիկա-թրքական յարաբերութիւններու մէջ երեւելի դարձած լարուածութեան, կը գրէ, թէ երբ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանը իրեն համազօր Պարաք Օպամային ընտրութեան առջեւ դրաւ՝ Թուրքիոյ եւ քիւրտերու միջեւ, միտքէն չէր անցներ, որ ԱՄՆ նախագահը արդէն վաղուց իր որոշումը կայացուցած էր՝ կռնակ դարձնել իրեն դաշնակից թուրքերուն եւ սէուտցիներուն, եւ աստիճանաբար քաշուիլ շրջանէն, չներգրաւուելու համար ազգային եւ քաղաքացիական պատերազմներուն մէջ: Օպամա ընտրեց քիւրտերը, յատկապէս սուրիացի, որոնք կը պատերազմին «Իսլամական պետութեան» դէմ եւ կը վայելէն իր եւ Սուրիոյ իշխանութիւններու աջակցութիւնը:

Այս դիրքորոշումով յստակ կը դառնայ, որ յարաբերութիւնները Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի եւ «ՆԱԹՕ»ի մէջ անոր ամենամեծ դաշնակից ԱՄՆ-ի միջեւ լաւ ջուրի վրայ չեն, եւ ան երթալով աւելի կը վատթարանայ, մանաւանդ Օպամայի կողմէ կորիզայինի համաժողովին համար Ուաշինկթըն գտնուող Էրտողանին ընդունելութիւնը  մերժելէ ետք, ինչպէս նաեւ Մէրիլանտայի մէջ Թուրքիոյ կառավարութեան ֆինանսաւորմամբ մեծ մզկիթի բացումի հրաւէրի ընդառաջումէն հրաժարելէն ետք:

Այս կապակցութեամբ, ամերիկեան պատասխանատու աղբիւրներ լուրեր տարածած են այն մասին, որ Սպիտակ Տունը համոզուած է, որ նախագահ Էրտողան Թուրքիոյ դեմոկրատականութիւնը կը վնասէ  իր անձնական շահերու եւ ձգտումներուն ծառայեցնելու համար, յատկապէս լրատուամիջոցներու դէմ սկսած բռնի արշաներէն ետք, սակայն, ինչպէս կը գրէ «Շամ Թայմըզ», Էրտողանի կողմէ իր ընդդիմադիրներուն դէմ եղած շարժումները նոր չէին, եւ այդ մէկը նախապէս արգելք չէր եղած, եւ Օպաման նախորդ երեք տարիներուն բազմիցս ընդունած էր Էրտողանը իր մօտ:

Աղբիւրը համաձայն, թրքա-ամերիկեան յարաբերութիւններու մէջ թէժացող լարուածութեան գաղտնիքը երկու առանցք ունի, մէկը՝ Էրտողանի կողմէ «Իսլամական Պետութեան» դէմ իսկական մարտեր վարելէ եւ այդ նպատակով Սուրիա ուժեր ղրկելէ  հրաժարումն է, իսկ միւսը՝ PKK-ի հետ հրադադարի պայմանագրի չեղեալ նկատելը եւ Սուրիոյ մէջ Ուաշինկթընի դաշնակիցը համարուող Ազգային պաշտպանութեան քրտական ուժերու դիրքերը հարուածելը:

Նաեւ կը նշուի, թէ նկատելի է, որ ամերիկեան վարչակարգը «պաղ պատերազմ» յայտարարած է նախագահ Էրտողանի դէմ եւ սկսած է անոր աստիճանաբար դուրս բերել իր դաշնակիցներու օղակէն, համագործակցելով Ռուսիոյ նախագահ Վլատինիր Փութինի եւ անոր կառավարութեան հետ, ոչ թէ որովհետեւ Էրտողան կը բռնանայ ազատ լրատուամիջոցներու դէմ, այլ որովհետեւ ան սկսած է կարծել, որ ինք ազատ քաղաքականութիւն կրնայ վարել , անկախ Ամերիկայի շրջանին մէջ ունեցած քաղաքականութենէն եւ ծրագիրներէն, յատկապէս Սուրիոյ թղթածրարին հետ կապուած:

Այս ուղղութեամբ եւրոպացի պատասխանատու մը փակ հանդիպման մը ընթացքին նշած էր, որ «Էրտողանի չափը շատ ուռճացաւ եւ պէտք է անոր վերադարձնել բնական չափին. անոր կողմէ սուրիացի փախստականներու քարտի օգտագործումը Եւրոպայի վրայ ճնշելու համար անցած է բոլոր կարմիր գիծերը»: