«Արեւելք»ի հարցումներուն կը պատասխանէ Սուրիահայ վերլուծաբան՝ Սարգիս Պուռունսուզեան:
- Գիտենք, որ Սուրիան մասամբ կարողացաւ վերատիրանալ այն շրջաններուն, որոնք պատերազմի տարբեր փուլերու ընթացքին անցած էին ընդդիմադիր կոչուած կամ յաճախ հրոսակախումբերու պատկերով ներկայացուած ծայրայեղականներու ձեռքը, սակայն պատերազմը տակաւին աւարտած չէ, ի՞նչ կրնաք ըսել այդ առումով: Այսօր ուր են տաք գօտիները Սուրիոյ մէջ, եւ ձեր տեսակէտով, այս պատերազմական գործողութիւնները երբ աւարտին կը հասնին:
Սուրիոյ կառավարութիւնը եւ սուրիական բանակը կարողացաւ տիրանալ սուրիական հայրենիքի գրեթէ 65%-ին: Կը մնան երեք «տաք շրջաններ», որոնց մասին կարճ տուեալներ կուզեմ ներկայացնել մեր ընթերցողին։ Առաջին ամէնէն վտանգաւոր շրջանը՝ Իտլիպն է, որ կը գտնուի Սուրիոյ հիւսիս արեւմտեան կողմը, այդ շրջանը, կարելի է ըսել, ահաբեկիչներու եւ ծայրայեղականներու «շտեմարան» դարձած է, եւ հոն կը գտնուին աշխարհի բոլոր կողմերէն ժամանած ահաբեկիչներ՝ ի մասնաւորի թուրքեր, թիւրքմեններ, այղուրներ, կան արաբ ահաբեկիչներ՝ եգիպտացի, թունուզցի, լիպիացի եւ սէուտցի, նաեւ կան տեղացի ահաբեկիչներ: Ճիշդ է, որ աշխարհի բոլոր ոճրագործներն ու ահաբեկիչները հաւաքուած են այնտեղ, բայց սուրիական բանակը անմիջական ձեւով պաշարած է զիրենք, եւ մերթ ընդ մերթ հարուածներ կը հասցնէ անոնց, ներկայիս սական տեղքայլի մէջ է վիճակը: Պէտք չէ մոռնալ, որ իւրաքանչիւր տաք շրջանի կռնակը կանգնած է շրջանային ուժ մը, որ կը մատարարէ այդ ահաբեկիչները ու թիկունք կը կենայ անոնց, եւ Իտլիպի շրջանը կատարելապէս թրքական վերահսկողութեան տակ է, եւ թրքական ցուցմունքներով կը գործէ:
Երկրորդ վտանգաւոր շրջանը՝ հիւսիսային կողմն է, ուր քրտական ուժեր կը տիրապետեն շրջանին, այս քրտական ուժերուն նեցուկ կը կենայ ամերիկեան բանակը, նոյնիսկ կան մէկ- երկու փոքր ամերիկեան խարիսխներ: Այդ շրջանը Թուրքիոյ համար ալ վտանգաւոր է, հետեւաբար թրքական բանակը յաճախ գործողութիւններ կ'իրագործէ այդտեղ, մինչեւ հիմա երեք գործողութիւններ իրագործած են, առաջինը՝ մեծամասնութեամբ քիւրտերով բնակեցուած Աֆրինը գրաւած է, եւ այն հրոսակախումբերը, որոնք Թուրքիոյ հետ կը համագործակցին հոն տեղակայուած են, երկրորդ քաղաքը, որ դարձեալ գրաւուած է թրքական բանակի կողմէ Ճարապլուս քաղաքն է, իսկ երորրդը՝ Արաբունարի (Քոպանի, կամ Այն Արապ) շրջանն է, ուր տեղակայուած են թրքական հովանաւորութեամբ տեղական ուժեր:
Երրորդ տաք շրջանը, որ աւելի նուազ վտանգաւոր կը համարուի, Սուրիոյ հարաւային հատուածն է, ուր կեդրոնացած են տեղացի ծայրայեղականներ, որոնց նեցուկ կը կենայ Իսրայէլը:
Իմ կարծիքով՝ Ռուսաստան իր քաղաքական ամբողջ կշիռը դրած է, որպէսզի քաղաքական լուծում մը գտնուի այս երեք շրջաններուն մէջ, բայց եթէ քաղաքական լուծում չգտնուի, եւ եթէ ռուսական քաղաքական ջանքերը յաջողութիւն չգտնեն, կը կարծեմ որ գոնէ առաջին եւ ամէնէն վտանգաւոր շրջանին՝ Իտլիպին մէջ, պատերազմական լուրջ գործողութիւն մը պիտի իրականացուի
- Այս օրերուն կը լրանայ Սուրիոյ պատերազմին 10-րդ տարելիցը, ի՞նչ զգացումներով կը դիմաւորէք ցաւի, արիւնի, կորուստի, դժուարութիւններու եւ տագնապի այս 10-րդ տարելիցը:
Սուրիոյ մէջ 10 տարուան պայքարէ ետք, կրնամ ըսել որ իմ անձնական ներքնաշխարհս այնքան ալ ուրախ չէ, եւ երբեմն բարոյալքուած կը զգամ ինքզինքս երկու պատճառներով: Առաջինը՝ որ ես Սուրիոյ բարգաւաճ շրջանը ապրած եմ, սուրիական համալսարաններուն մէջ ուսումս ստացած եմ, տեսած եմ Սուրիոյ փայլուն շրջանը իր բոլոր կարելիութիւններով՝ ենթակառոցները, հանրային հիւանդանոցները, դպրոցները, մշակութային ու մարզական հաստատութիւնները, այդ բոլորը վայելելէ ետք, ցաւօք սրտի անոնց քանդումին ալ ականատես եղայ։ Այդ բոլորը այսօր գետնի հաւասար եղած են: Այսօր, 10 տարի ետք, տարածաշրջանին մէջ տնտեսականով հզօր Սուրիան, որ արտաքին աշխարհին որեւէ պարտք չունէր, գրեթէ սնանկացած վիճակի մէջ է: Իսկ երկրորդ ցաւը, որ իբրեւ հայ կը զգամ, երբ, դժբախտաբար 2020-2021-ին իմ մայր հայրենիքիս աղէտը տեսայ, հայոց պատմութեան մէջ չորս աղէտ ունեցած ենք, անոնցմէ մէկը այս վերջին պատերազմի ամօթալի պարտութիւնն էր: Մեր զաւակներուն ինչ պիտի ըսենք, ինչպէս պիտի դաստիարակենք այլեւս զանոնք, երբ մենք այսօր պարտուած ժողովուրդի մը կը պատկանինք: Այս երկու ցաւալի զգացումները կը պատեն զիս այս վայրկեանիս:
- Շատ հետաքրքրական է եւ կարեւոր է իմանալ թէ ի՞նչ կ'ընթանայ Սուրիոյ հիւսիսային հատուածներուն մէջ, ուր միախառնուած են Թուրքիոյ, Ռուսաստանի նաեւ Սուրիոյ պետութեան կողմէ անջատողական համարուող քիւրտերու շահերը եւ ներկայութիւնը. յաճախ նաեւ ամերիկեան կամ արեւմտեան դաշնակից ուժերու թիրախ կը դառնան այդ տարբեր շրջաններու տարբեր կողմերու դիրքերը: Այսօր ի՞նչ քաղաքական կամ զինուորական գործընթացներ կ'ընթանան Սուրիոյ հիւսիսային հատուածներուն մէջ յատկապէս:
Ինչ կը վերաբերի Սուրիոյ հիւսիսային շրջանի գործընթացներուն, այսօր քրտական քաղաքական ուժերուն մէջ երկու հոսանքներ կան: Առաջին հոսանքը կատարելապէս ենթակայ է Ամերիկայի ու անոր հրահանգներուն, իսկ երկրորդ հոսանքը, այդքան ալ չազդուիր ամերիկեան ցուցմունքներով եւ կը ջանայ քաղաքական լուծում մը հաստատել Սուրիոյ կառավարութեան հետ: Ի դէպ այստեղ երկու սպառնալիք կայ, առաջինը եւ ամէնէն վտանգաւորը, թրքական սպառնալիքն է, եւ երկրորդը՝ ամերիկեան եւ եւրոպական դաշնակից ուժերու վտանգն է: Իմ կարծիքով, միակ լուծումը այս շրջանը ազատելու արտաքին որեւէ մէկ սպառնալիքէ, Դամասկոսի կառավարութեան հետ քաղաքական լուծում մը գտնելն է, իսկ զինուորական գետնի վրայ սուրիական բանակն ու սուրիական կառավարութիւնն է որ յենարանը պիտի ըլլայ շրջանի խաղաղութեան եւ ապահովութեան, հասնելով մինչեւ հիւսիսային սահմանը:
- Սուրիան նաեւ մաս կազմեց եւ կը կազմէ շրջանային դաշինքին, որուն մէջ կան գլխաւորաբար անշուշտ Իրանը, Ռուսաստանը եւ հեռաւոր Չինաստանը: Այս բոլորին մէջ Թուրքիան ալ ինչ որ դեր ունի: Այս բոլորը ինչպէս կը համարկուին Սուրիոյ մէջ եւ ապագային Թուրքիոյ հետ ի՞նչ քաղաքական կը սպասուի. ի՞նչ կը մտածէք այդ առումով:
Ճիշդ է, Սուրիան մաս կը կազմէ նախ եւ առաջ «Դիմադրողական ճակատ»ին, ուր հիմնական դեր ունի Իրանը եւ կարգ մը քաղաքական ուժեր, Լիբանանէն եւ Պաղեստինէն: Այս ճակատին դաշնակիցներն են բնականաբար՝ Ռուսաստանն ու Չինաստանը: Թուրքիոյ դերը հիմնական է Սուրիոյ մէջ, ան ամէնէն մեծ արեւմտեան գործիքն է, ճնշում բանեցնելո Սուրիոյ վրայ, եւ պէտք չէ մոռնալ, որ Թուրքիան ՆԱԹՕ-ի անդամ է, եւ ինչ որ կ'ընէ ՆԱԹՕ-ի հետ համագործակցաբար կ'ընէ, այս պարագային՝ հիմնական ուժը ամերիկեան ուժն է, որ կը թելադրէ Թուրքիոյ անոր խաղալիք որոշ դերը Սուրիոյ մէջ: Բայց հետաքրքրականը հետեւեալն է, Սուրիոյ ցամաքային ելքը դէպի Եւրոպա Թուրքիոյ տարածքով է, եւ նաեւ հակառակը ճիշդ է, Թուրքիոյ ցամաքային ելքը կ'անցնի Սուրիոյ միջով, հետեւաբար փոխադարձաբար երկու կողմերը պէտք ունին միջին ելքի մը՝ համաձայնութեան մը: Այս առնչութեամբ հիմնական կը տեսնեմ Ռուսական արտաքին քաղաքականութեան շատ մեծ դերը, գտնելու այդ միջին ելքը: Այստեղ կ'ուզեմ յիշել բարեյիշատակ Սուրիոյ նախկին նախագահ՝ Հաֆէզ Ասատին խօսքը, որ Սուրիան պէտք չէ մնայուն թշնամութիւն ունենայ Թուրքիոյ հետ, միեւնոյն ատեն պէտք չէ մնայուն բարեկամութիւն ունենայ անոր հետ, այսինքն միջին լուծում մը պէտք է, որպէսզի յարաբերութիւնները շարունակուին երկու պետութիւններուն մէջ:
- Սուրիան այսօր նաեւ ունի տնտեսական բարդ ու դժուար օրակարգ, երկիրը պաշարուած է տարբեր ուղղութիւններով, նաւթի, կազի, ջուրի, դեղորայքի եւ այլ հարցեր կան այսօր: Ձեր կարծիքով այդ բոլորը քաղաքական ինչ որ նպատակներո՞վ կը կատարուին եւ հանգուցաալուծումը ո՞ւր կը տեսնէք:
Այսօր Սուրիան, պատերազմի ամէնէն լուրջ եւ վտանգաւոր հանգրուանը կ'ապրի, որովետեւ ճիշդ է որ պատերազմը զինուորական գետնի վրայ թերեւս մօտեցած է իր աւարտին, նկատի առնելով սուրիական բանակի յաղթանակները, բայց այսօր աւելի վտանգաւոր պատերազմ մը սկսած է, եւ այդ է տնտեսական պատերազմը, ինչ որ շատ վատ ազդեցութիւններ կը ձգէ Սուրիոյ ժողովուրդին վրայ: Վերջին շրջանին Սուրիոյ տնտեսութիւնը, ինչ որ կողմնակի լուծում մը գտած էր իր հարցերուն, մանաւանդ ինչ կը վերաբերէր դրամատնային հարցերուն, Լիբանանի միջոցաւ երկար չտեւեց։ Եւ դժբախտաբար այսօր Լիբանանի մէջ առկայ տնտեսական տագնապը իր շատ վատ անդրադարձը ունեցաւ Սուրիոյ տնտեսութեան վրայ եւ Սուրիոյ ժողովուրդը այսօր բառիս բուն իմաստով կը տառապի: Արեւմուտքը կը կարծէ, թէ այս ճնշումներու ճամբով Սուրիոյ պետութիւնը նեղի կը մատնէ ու կը պատժէ , բայց իրականութեան մէջ պատժուողը սուրիացի ժողովուրդն է, որ այս դաժան սահմանափակումներու հետեւանքով դժուար օրեր կ'ապրի, այսինքն ինչպէս միշտ, տուժողը ժողովուրդն է:
- Որպէս վերլուծաբան, հայութեան վիճակը ինչպէ՞ս կը գնահատէք: Արդեօ՞ք հայութիւնը այլ փոքրամասնութիւններու կողքին ապագայ ունի Սուրիոյ մէջ, ինչպէս ասորիներու, յոյներու, քիւրտերու կամ միւս բոլոր բաղկացուցիչ տարրերու կողքին:
Հայութիւնը միշտ Սուրիոյ մէջ եղած է, հիմնական բաղկացուցիչ սուրիացի ժողովուրդին, եւ կարելի է ըսել, որ հայերը Սուրիոյ մէջ կրնան լաւ ապագայ ունենալ, երբ սուրիացի ժողովուրդի պայմանները լաւանան: Որեւէ արգելք կամ հալածանք չըսպառնար այսօր հայերուն իբրեւ հայ, ինչ որ դժուարութիւններ կան, բոլոր սուրիացի ժողովուրդին համար են, ներառեալ հայերը: Հայերը ինչպէս հարիւրաւոր տարիներ ներկայութիւն ունեցած են Սուրիոյ մէջ, վստահ եմ, որ այդ ներկայութիւնը պիտի շարունակուի։ Մենք, որպէս հայութիւն Սուրիոյ մէջ կը վայելենք համայն սուրիացի ժողովուրդի յարգանքն ու սէրը, եւ երբեք հարց չենք ունեցած սուրիացի որեւէ ցեղախումբի կամ համայնքի կամ ուրիշ բաղադրիչի հետ: Հայերու ապագան Սուրիոյ մէջ ես կը տեսնեմ լաւ, եթէ անշուշտ Սուրիոյ տագնապը փարատի եւ երկիրը վերադառնայ իր անցեալի բարւոք օրերուն։