Հնդկաստանի արեւմուտքին մէջ, այսպէս կոչուած, «սեւ բորբոս»ով (մուքորմիկոզ) վարակուելէ ետք հեռացուցած են հազարաւոր մարդոց մէկ կամ երկու աչքը, կը հաղորդէ Sputnik-ը:
Պարբերականը կը յիշեցնէ, որ նշուած սունկը, որ առկայ է միջավայրին մէջ, կրնայ ճակատագրական ըլլալ թուլացած իմունային (դիմադրողական) համակարգ ունեցող մարդոց համար: Մանրէներու ներշնչումէն ետք հիւանդութիւնը կը խոցէ թոքերը եւ քթային խոռոչները, այնուհետեւ յաճախ կ'արտայայտուի վարակուած անձի դէմքին:
Առաջին փուլերուն նման մարդոց մօտ միայն հարբուխ, դէմքի թեթեւ թմրութիւն, աչքերու այտուցուածութիւն կ'առաջանայ, ուստի շատ հիւանդներ կը յետաձգեն այցը մասնագէտներու մօտ:
Ըստ հաղորդումներու` սունկով վարակուած հիւանդներու մօտ 60 տոկոսը կը կորսնցնէ մէկ կամ երկու աչքերն ալ: «Եթէ մենք չհեռացնենք ամբողջ պարունակութիւնը հիւսուածքներու, ջիղերու եւ կոպերու հետ միասին, վարակը կրնայ ներթափանցել ուղեղի մէջ»,- ըսած է դոկտոր Աքշայ Նաիրը՝ շեշտելով նման գործողութիւններու անհրաժեշտութիւնը:
Մասնագէտներու կարծիքով` «սեւ բորբոս»ը սկսած է արագօրէն տարածուիլ COVID-19-էն զանգուածային բուժումէն ետք, քանի որ ժահրի դէմ կը պայքարին սթերոիտներով, որոնք կրնան ճնշել իմունային համակարգը եւ ճանապարհ բանալ սունկի համար:
Եթէ աւելի վաղ հնդիկ բժիշկները տարեկան մուքորմիկոզի երեք կամ չորս դէպք կը նկատէին, ապա այժմ այդ ցուցանիշն աճած է օրական մինչեւ հինգ-վեց դէպք:
Աւելի վաղ Sputnik ռատիոն հաղորդած էր, որ Հնդկաստանի Ռաճաստան եւ Թելանկանա նահանգները պաշտօնապէս յայտարարած են մուքորմիկոզի համաճարակի մասին: