image

Պրիւքսէլի հանդիպումը բեկումնայի՞ն. Կամ պիտի համաձայնին Պայտընն ու Էրտողանը

Պրիւքսէլի  հանդիպումը բեկումնայի՞ն. Կամ  պիտի համաձայնին  Պայտընն ու Էրտողանը

«Ռոյթըրզ»էն կը կարդանք՝ «Թուրքիոյ նախագահ՝ Թայէպ Էրտողան, որու համար նորութիւն չեն Ուաշինկթընի հետ բարդ յարաբերութիւնները, յառաջիկայ շաբաթ առաջին անգամ  ըլլալով պիտի հանդիպի իր ամերիկացի գործընկեր Ճօ Պայտընի հետ: Խոր վէճերն ու ԱՄՆ-ի նոր նախագահի «պաղ» վերաբերմունքը Թուրքիոյ նկատմամբ ստուերած են հանդիպումը:

Թուրքիոյ նախագահին համար, Սպիտակ տան վարչակազմի նոր՝ աւելի քննադատական եւ հեռավար մօտեցումը հիասթափութեան աղբիւր  դարձած է:

14 յունիսին Պրիւքսելի մէջ կայանալիք հանդիպման նախաշեմին, ուր պիտի քննարկուին երկու երկիրներու տարաձայնութիւնները, Էրտողան ըսած է, որ ինք աշխատած է ԱՄՆ-ի նախկին երեք նախագահներուն հետ եւ «այսպիսի լարուածութիւն չէ ունեցած» վերջին 20 տարուան մէջ։

ՆԱԹՕ-ի գագաթնաժողովի բանակցութիւններուն, հակասութիւններու ցուցակին վրայ առաջին տեղը կը գրաւէ Թուրքիոյ կողմէ ռուսական С-400 հակաօդային պաշտպանութեան մարտկոցներու գնումը, որ ըստ Ուաշինկթընին սպառնալիքի տակ կը դնէ ամերիկեան F-35 անտեսանելի օդանաւներու պաշտպանութիւնը: ԱՄՆ-ը հանած է Թուրքիան F-35 կործանիչներու ծրագիրէն եւ Թուրքիան  այդ  պատճառով 1 միլիառ տոլարէն աւելի փոխհատուցում կը պահանջէ:

Պայտընի վարչակազմը ուժեղացուցած է Թուրքիոյ մէջ մարդու իրաւունքներու իրավիճակի վերաբերեալ քննադատութիւնը՝ ձգտելով հասնիլ գործարար Օսման Քաւալայի ազատ արձակման: Կռուարար Էրտողանի պատասխանը խլացուած է, մասամբ այն պատճառով, որ ան կը ցանկայ ԱՄՆ-էն ներդրումներ ներգրաւել եւ վերականգնել տնտեսական աճը, որ տուժած է COVID-19 համավարակի եւ արժոյթի անկման պատճառով:

Այնտեղ, ուր Էրտողան յոյս ունէր ցոյց տալ Թուրքիոյ կեդրոնական դերը ՆԱԹՕ-ի մէջ, Աֆղանիստանն էր: Անքարան առաջարկած է երկիր մուտք գործելու համար պահպանել եւ շահագործել Քապուլի օդակայանը` ԱՄՆ-ի նախաձեռնութեամբ ՆԱԹՕ-ի դուրս ելլելէն ետք: Ծրագիրը կրնայ ձախողիլ թալիպներու այն պահանջին պատճառով, որ Թուրքիան պէտք է դուրս ելլէ ՆԱԹՕ-ի միւս ուժերուն հետ միասին:

Այնուամենայնիւ, կան ընդհանուր եզրեր, ներառեալ Լիպիոյ մէջ քաղաքական լուծման հասնելու ջանքերը եւ Սուրիոյ նախագահ Պաշար Ասատին հակազդելը:

 Այս  առումով  ալ  կը   նշուի, որ թրքական լիրան ուրբաթ օր ամրապնդուած է՝ բանակցութիւններու առաջընթացի յոյսով: