image

Արցախի նախագահը Երեւան է․ News.am

Արցախի նախագահը Երեւան է․ News.am

Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը Երեւան է, կը յայտնէ News.am-ը։

Ըստ շրջանառուող լուրերու` հնարաւոր է Յարութիւնեանի հանդիպումը տարածաշրջանային այցի շրջածիրէն ներս Երեւան գտնուող ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի ֆրանսացի եւ ամերիկացի համանախագահներ Սթեֆան Վիսքոնթիի եւ Էնտրիւ Շեֆըրի հետ: Յիշեցնենք, որ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի ռուս համանախագահ Իկոր Փոփովն այցին չի մասնակցիր հիւանդութեան պատճառով:

Աւելի վաղ միջնորդները այցելած էին Պաքու, ուր ամենեւին ալ հիւրընկալ ընդունելութիւն չէին ստացած: Մասնաւորապէս, Ատրպէյճանի նախագահը յայտարարած էր, որ չէր հրաւիրած անոնց Պաքու: