Ֆրանսահայ հասարակական գործիչ Դոկտ. Հիլտա Չոպոյեան կը գրէ՝
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ Շարլ Միշելի երէկուայ երեւանեան ելոյթը կը պարունակէ վտանգաւոր տարրեր, զորս հայկական դիւանագիտութիւնը պէտք է շատ արագ սրբագրէ եթէ չենք ուզեր որ յառաջիկայ ամիսներուն եւ տարիներուն Ատրպէյճանը բոլորին, ներառեալ`ԵՄ-ի համաձայնութեամբ, անարգել գրաւէ Հայաստանը: Ակնյայտ է, որ ԵՄ ը Ատրպէյճանէն չի պահանջեր անյապաղ ազատել ռազմագերիները, կը սատարէ Ատրպէյճանի նոր պայմաններուն՝ ականապատուած տարածքներու քարտէզներ ձեռք բերելու համար ի դէմ այդ ազատ արձակման որ պատերազմական միջազգային օրէնքի սկզբունքներէն կը բխի. եւ վերջապէս ատրպէյճանցի զինուորներու ներխուժած Հայաստանի տարածքները կը համարէ որպէս «վիճելի տարածքներ» :
ԵՄ-եան ապագայ կարեւոր ներդրումները Հայաստանի զարգացման գործին մէջ պէտք չէ հիմք հանդիսանան Հայաստանի կենսական շահերուն վնասելու. ընդհակառակն: