image

Անորոշ վիճակ Երեւանի մէջ

Անորոշ վիճակ Երեւանի մէջ

 Լրատուական  դաշտի եւ յատկապէս  Թելեկրամեան ալիքներու հաղորդմամբ   ժամեր առաջ իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան խորհուրդի նիստ կայացած է։

 

 Աղբիւրները նաեւ նշած են, որ Փաշինեան կը պատրաստուի ուղերձով հանդէս գալ, մինչ նոյն «ՔՊ»ի մօտիկ աղբիւրներ յայտնած են, որ  կուսակցութիւնը   նիստ չէ գումարած։

 

 Կը նշուի նաեւ, որ Փաշինեանի շարասիւնը կէս գիշերն անց դուրս եկած է կառավարական նստավայրէն, իսկ շրջանին մէջ եղած են մեծ թիւով  ոստիկանական ուժեր։

 

 

 Այլ մանրամասններ չեն նշուիր, միայն թէ աւելի քան պարզ է, որ ներ-իշխանական օղակներուն մէջ  անորոշ իրավիճակ մը կը տիրէ։

 

Կարգ մը աղբիւրներ եղած  խառնաշփոթը կը վերագրեն   իշխանութեան  կողմէ առկայ   որոշ մտավախութիւններուն  կապուած  Արցախի   մէջ երկու հայկական  բնակավայրերու   կորուստին, որուն հետեւանքով ալ   կը կարծուէր, որ հասարակութեան  կարեւոր   մասը   դուրս   պիտի գայ  փողոց   տագնապալի  վիճակ ստեղծելով, առանց անոր ալ   բարդ  դրութեան մատնուած իշխանութիւններուն։