image

Անծանօթներ Ներկ Թափած Են Սըվազի «Նահատակներու Յուշարձան»ին Վրայ

Անծանօթներ   Ներկ Թափած  Են Սըվազի «Նահատակներու Յուշարձան»ին Վրայ

Սըվազ- («Տէյլի Սապահ»-Պոլիս)- Kayserispor  Ֆութպոլի  խումբի երկրպագուներ  ներկ թափած են Սոազ քաղաքի կեդրոնը գտնուող «Նահատակներու յուշարձան»ի պատերուն վրայ :Այս մասին կը գրէ «Սապահ»ը,  որ նաեւ կը յայտնէ, թէ  երկրպագուներու խումբը Սըվազ այցելած է ներկայ գտնուելու համար  Ֆութպոլի մրցումի մը, որ տեղի  ունեցաւ  Medicana Kayserispor-ի եւ  Sivasspor խումբերուն  միջեւ:    Համակիրները նաեւ  անարգող գրութիւններ ՝ ինչպէս «Ձեր պապան Kayserispor-ն է», «Մենք յանկարծակի քաղաք եկողներն ենք» եւ այլ նախադասութիւններ  գրած են յուշարձանի պատերուն:Թերթը կը տեղեկացնէ, որ խումբերու միջեւ մրցումը աւարտած է երկու կողմերու հաւասրաութեամբ, առանց որեւէ կէտ արձանագրելու:Այս ուղղութեամբ, Սըվազի նահատակներու ընտանիքներու եւ նախկին մարտիկներու միութեան նախագահ Մուսթաֆա Հիզալը լրագրողներուն յայտնած  է, որ «Կիրակի օրուան գործողութիւնը այս յուշակոթողին վրայ շատ  անարգալից վերաբերմունք է մեր նահատակներուն, որոնք իրենց կեանքը զոհաբերած են մեր հայրենիքի անբաժանելի ամբողջականութեան համար»: Թերթը կը հաղորդէ նաեւ, թէ դէպքի վերաբերեալ հետաքննութիւն մեկնարկած է, ինչպէս նաեւ քաղաքապետարանի աշխատողներու կողմէ Երկուշաբթի առաւօտ սրսկոցաներկի հետքերը  մաքրուած են  յուշարձանի պատերուն վրայէն: