Սըվազ- («Տէյլի Սապահ»-Պոլիս)- Kayserispor Ֆութպոլի խումբի երկրպագուներ ներկ թափած են Սոազ քաղաքի կեդրոնը գտնուող «Նահատակներու յուշարձան»ի պատերուն վրայ :Այս մասին կը գրէ «Սապահ»ը, որ նաեւ կը յայտնէ, թէ երկրպագուներու խումբը Սըվազ այցելած է ներկայ գտնուելու համար Ֆութպոլի մրցումի մը, որ տեղի ունեցաւ Medicana Kayserispor-ի եւ Sivasspor խումբերուն միջեւ: Համակիրները նաեւ անարգող գրութիւններ ՝ ինչպէս «Ձեր պապան Kayserispor-ն է», «Մենք յանկարծակի քաղաք եկողներն ենք» եւ այլ նախադասութիւններ գրած են յուշարձանի պատերուն:Թերթը կը տեղեկացնէ, որ խումբերու միջեւ մրցումը աւարտած է երկու կողմերու հաւասրաութեամբ, առանց որեւէ կէտ արձանագրելու:Այս ուղղութեամբ, Սըվազի նահատակներու ընտանիքներու եւ նախկին մարտիկներու միութեան նախագահ Մուսթաֆա Հիզալը լրագրողներուն յայտնած է, որ «Կիրակի օրուան գործողութիւնը այս յուշակոթողին վրայ շատ անարգալից վերաբերմունք է մեր նահատակներուն, որոնք իրենց կեանքը զոհաբերած են մեր հայրենիքի անբաժանելի ամբողջականութեան համար»: Թերթը կը հաղորդէ նաեւ, թէ դէպքի վերաբերեալ հետաքննութիւն մեկնարկած է, ինչպէս նաեւ քաղաքապետարանի աշխատողներու կողմէ Երկուշաբթի առաւօտ սրսկոցաներկի հետքերը մաքրուած են յուշարձանի պատերուն վրայէն: