image

Անգարայէն Ետք Պայթում Մը Եւս Տիարպէքիրի Մէջ

Անգարայէն Ետք Պայթում Մը  Եւս Տիարպէքիրի Մէջ

Թուրքիա- (Լրատուական  գործակալութիւններ) Պայթում մը  գրանցուած է   Տիարպէքիրի մէջ: Այս մասին տեղեկութիւնը կը փոխանցեն  թրքական աղբիւրները, յայտնելով նաեւ, որ  ականուած  ինքնաշարժի պայթումի մը հետեւանքով սպաննուած  են թրքական բանակի   6  զինուորներ: Ականուած ինքնաշարժը պայթած է  բանակին պատկանող        մարդատար  կառքի մը մօտ: Կան  տասնեակ     վիրաւորներ: Ըստ   թրքական «Տէյլի Սապահ»ին, պայթումը  եղած է   PKK-ի       յարակից  համարուող  PYD -ի   զինեալներուն  կողմէ: Նշենք, որ  վերջին   24  ժամերուն ընթացքին  այս երկրորդ պայթումն է, որ կը գրանցուի  Թուրքիոյ  մէջ: