Թուրքիա- (Լրատուական գործակալութիւններ) Պայթում մը գրանցուած է Տիարպէքիրի մէջ: Այս մասին տեղեկութիւնը կը փոխանցեն թրքական աղբիւրները, յայտնելով նաեւ, որ ականուած ինքնաշարժի պայթումի մը հետեւանքով սպաննուած են թրքական բանակի 6 զինուորներ: Ականուած ինքնաշարժը պայթած է բանակին պատկանող մարդատար կառքի մը մօտ: Կան տասնեակ վիրաւորներ: Ըստ թրքական «Տէյլի Սապահ»ին, պայթումը եղած է PKK-ի յարակից համարուող PYD -ի զինեալներուն կողմէ: Նշենք, որ վերջին 24 ժամերուն ընթացքին այս երկրորդ պայթումն է, որ կը գրանցուի Թուրքիոյ մէջ: