Զուիցերիոյ կառավարութիւնն արգիլած է ռազմական սարքաւորումներու արտահանումը Լեհաստան՝ Քիեւ զէնք փոխադրելու պատճառով։ Այս մասին յայտնած է TVP.Info տեղեկատուական կայքը։
Պեռն իր որոշումը բացատրած է, որ ազգային օրէնսդրութիւնը կ'արգիլէ զէնքի արտահանումը զինուած հակամարտութիւններու մէջ ընդգրկուած երկիրներ։
«Լեհական ընկերութիւնը չէ կատարած իր պայմանագրային պարտաւորութիւնները զուիցերական արտադրողի նկատմամբ, քանի որ զինամթերքն ուղարկուած է Ուքրանիա առանց համաձայնութեան։ Պիտի արգիլուի արտահանումը հանրապետութիւն, քանի որ զինամթերքի արտահոսքի վտանգը կը գնահատուի չափազանց բարձր»,- Վեստի.ռու-ի հաղորդմամբ, ըսուած է հրապարակման մէջ։