image

Լիբանանի դէմ ռազմական գործողութիւնները կը շարունակուին. Իսրայէլի Պաշտ. Նախարար

Լիբանանի դէմ ռազմական գործողութիւնները կը շարունակուին. Իսրայէլի  Պաշտ. Նախարար

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քացը յունիս 4-ին յայտարարած է, որ Իսրայէլի զինուած ուժերը ժամանակաւորապէս պիտի շարունակէ իր գործողութիւնները Լիբանանի մէջ եւ երկրէն դուրս պիտի չգան՝ հակառակ յայտարարուած նոր զինադադարին։ Այս մասին կը հաղորդէ Reuters-ը։

Իսրայէլն ու Լիբանանը յունիս 3-ին համաձայնած էին նոր զինադադարի շուրջ՝ Միացեալ Նահանգներու միջնորդութեամբ տեղի ունեցած բանակցութիւններէն ետք։ Համաձայն պայմանաւորուածութեան՝ Լիբանանի մէջ գործող զինուած «Հըզպալլա» կազմակերպութիւնը, որ չէ մասնակցած բանակցութիւններուն, պէտք է դադրեցնէ Իսրայէլի դէմ բոլոր յարձակումները եւ իր ուժերը դուրս բերէ Հարաւային Լիբանանէն՝ Լիթանի գետէն հարաւ գտնուող շրջանէն։

Սակայն Քաց նշած է, որ Իսրայէլ տակաւին պիտի շարունակէ ռազմական գործողութիւնները երկրին մէջ՝ առնուազն այս փուլին, եւ դուրսբերման հարցը չի քննարկուիր։

Ան յայտնած է, որ Իսրայէլի բանակը պիտի մնայ Հարաւային Լիբանանի այն շրջաններուն մէջ, որոնք ներկայիս կը գտնուին իսրայէլեան վերահսկողութեան տակ՝ որպէս այսպէս կոչուած «զսպիչ (պուֆերային) գօտի», որ, ըստ Իսրայէլի կառավարութեան, նախատեսուած է հիւսիսային իսրայէլեան բնակավայրերը «Հըզպալլա»-ի յարձակումներէն պաշտպանելու համար։

Ան նաեւ ըսած է, որ հարիւր հազարաւոր լիբանանցիներ, որոնք մարտերու սկոզբէն ի վեր Իսրայէլի ռազմական գործողութիւններու հետեւանքով ստիպուած եղած են լքելու իրենց տուները, տակաւին չեն կրնար վերադառնալ։

Ըստ Քացի՝ Իսրայէլ պիտի շարունակէ նաեւ «շրջանին մէջ ահաբեկչական ենթակառոյցներու քանդումը»։ Անոր խօսքով՝ Իսրայէլ պիտի ունենայ «գործողութիւններու ազատութիւն՝ Միացեալ Նահանգներու աջակցութեամբ, Պէյրութի դէմ հարուածներ հասցնելու՝ ի պատասխան իսրայէլեան բնակավայրերու եւ տարածքի դէմ յարձակումներուն»։