Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին չեղարկած է իր այցերը Սպանիա եւ Փորթուկալ, որոնք պէտք է կայանային այս շաբթուան վերջը, գրած է SIC Notícias-ը։
Ինչպէս հաղորդած է CNN Portugal-ը, ուղեւորութիւններու չեղարկման պատճառը եղած է ռազմաճակատին վրայ ստեղծուած ծանր իրավիճակը։
«Ուքրանական պետութեան ղեկավարի շրջապատը հաւանաբար հասկցած է, որ ռազմաճակատի քանի մը հատուածներուն մէջ, մասնաւորապէս՝ Խարքովի մէջ տիրող ծանր իրավիճակը, ներկայիս չի խրախուսեր արտասահման մեկնիլը»,- գրած է հրատարակութիւնը։
Զելենսքին պէտք է Սպանիա այցելէր ուրբաթ՝ մայիս 17-ին։ Մատրիտի մէջ նախատեսուած էր անոր եւ Սպանիոյ թագաւոր Ֆելիփէ VI-ի հանդիպումը։ Կը սպասուէր նաեւ, որ Զելենսքին հանդիպէր Սպանիոյ վարչապետ Փետրօ Սանչեսի հետ՝ անվտանգութեան երկկողմ համաձայնագիր ստորագրելու համար։ Մինչդեռ Լիզպոնի մէջ Զելենսքին, ըստ SIC Notícias-ի, պէտք է ստորագրէր անվտանգութեան երաշխիքներու վերաբերեալ երկկողմ համաձայնագիր։