image

Լեհաստանի նախագահը Զելենսքին զրկած է շքանշանէն

Լեհաստանի նախագահը Զելենսքին զրկած է շքանշանէն

 

Լեհաստանի նախագահ Քարոլ Նաւրոցքին Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին զրկած է «Սպիտակ Արծիւ» շքանշանէն՝ Լեհաստանի բարձրագոյն պետական պարգեւէն։

Ուրբաթ օր հրապարակած իր տեսաուղերձին մէջ Նաւրոցքին յայտնած է, որ այս որոշումին պատճառը Ուքրանիոյ զինուած ուժերու ստորաբաժանումներէն մէկուն «ՈՒՓԱ-ի հերոսներ» անուանումը շնորհելն է։

Ուքրանական Ապստամբական Բանակը (ՈՒՓԱ), որ գործած էր Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի տարիներուն, Լեհաստանի մէջ կը մեղադրուի լեհ խաղաղ բնակչութեան դէմ զանգուածային ոճիրներ գործելու համար։ 2016-ին Լեհաստանի Սէյմը ՈՒՓԱ-ի գործողութիւնները ճանչցած էր որպէս ցեղասպանութիւն։

Նաւրոցքիի համաձայն, Վոլինիոյ, Արեւելեան Կալիսիոյ եւ այլ շրջաններու մէջ ՈՒՓԱ-ի ձեռքով սպաննուած է առնուազն 100 հազար լեհ քաղաքացի՝ միայն այն պատճառով, որ անոնք լեհ, հրեայ կամ ազգային այլ փոքրամասնութեան ներկայացուցիչ էին։

Զելենսքին «Սպիտակ Արծիւ» շքանշանը ստացած էր 2023-ի ապրիլին՝ այն ժամանակուան Լեհաստանի նախագահ Անճէյ Տուտայի որոշումով։

Նաւրոցքին շեշտած է, որ իր որոշումը ուղղուած չէ ուքրանացի ժողովուրդին դէմ եւ չի նշանակեր Լեհաստանի անվտանգային քաղաքականութեան ռազմավարական ուղղութեան փոփոխութիւն։ Անոր խօսքով, Լեհաստանը կը շարունակէ աջակցիլ Ուքրանիոյ, որովհետեւ ռուսական յարձակողապաշտութիւնը սպառնալիք կը ներկայացնէ ամբողջ Եւրոպային։ Ան Ռուսիան անուանած է յարձակող պետութիւն, իսկ Ռուս նախագահ Վլատիմիր Փութինը՝ ոճրագործ։

Լեհաստանի նախագահը նաեւ յիշեցուցած է, որ ներկայիս Լեհաստանի մէջ կ՚ապրի 1,5 միլիոնէ աւելի ուքրանացի, մինչդեռ լեհական բանակը վերապատրաստած է հազարաւոր ուքրանացի զինուորներ։

«Ուքրանիան եւս պէտք է յիշէ, որ ոչինչ այնքան կը ծառայէ Քրեմլինի շահերուն, որքան լեհերու եւ ուքրանացիներու միջեւ հակամարտութիւնը։ Պատմական յիշողութեան շուրջ իւրաքանչիւր վէճ կը տկարացնէ մեր ժողովուրդները եւ կը զօրացնէ անոնց, որոնք կը փորձեն բաժնել ու նուաճել Եւրոպան», ըսած է Նաւրոցքին։

Ի պատասխան՝ Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարար Անտրի Սիպիհան հրաժարած է «Լեհաստանի առջեւ ունեցած ծառայութիւններուն համար» շքանշանէն, զոր ստացած էր 2022-ին։ Ան պարզաբանած է, որ խնդիրը շքանշանները չեն, այլ վերաբերմունքը։ Սիպիհան Զելենսքին շքանշանէն զրկելու որոշումը որակած է որպէս Վարշաւայի ռազմավարական սխալ։