Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով 11 հոկտեմբերին սահմանային դիրքեր այցելած է եւ յայտարարած, թէ հայ-ազրպէյճանական սահմանին իրավիճակը վատթարացած է՝ պնդելով, որ այդ բանի պատասխանատուն «հայկական կողմի աւելի յաճախակի դարձած սադրանքներն են»:
«Ազրպէյճանի բանակը յաջողութեամբ կը կանխարգիլէ նման յարձակումներ, սակայն այսուհետեւ պէտք է աւելի՛ կոշտ պատասխան տայ», յայտարարած է Հասանով։
Ան դարձեալ պնդած է, թէ ղարաբաղեան հարցին մէջ բանակցային գործընթացը փակուղի մուտք գործած է, «քանի որ Հայաստանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը որեւէ դրական քայլ չ'առներ տագնապին կարգաւորման ուղղութեամբ»։
«Անոնք կ'ուզեն, որ այս հարցը կրկին դուրս գայ միջազգային օրակարգէն, ժամանակ շահելու համար, սակայն մենք պէտք չէ անոնց այսպիսի առիթ մը տանք: Այս հակամարտութիւնը պէտք է շուտափոյթ կարգաւորուի», պնդած է Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարը:
Հասանով անդրադարձած է նաեւ Հայաստանի ձեռք բերած ռուսական «Իսքանտեր» հրթիռային համալիրին, որ առաջին անգամ ցուցադրուեցաւ Երեւանի մէջ, Հայաստանի անկախութեան 25ամեակի զօրահանդէսին ընթացքին: «Մենք այդ հրթիռներուն մասին մարտավարական-արհեստագիտական ամբողջական տեղեկատուութիւն ունինք եւ կրնանք ըսել, որ անիկա չէ փոխած տարածաշրջանի ռազմական հաւասարակշռութիւնը: Ազրպէյճանի զինուած ուժերը կրնան խոցել այդ հրթիռները եւ ոչնչացնել հակառակորդի ռազմական ենթակառուցուածքը», յայտնած է Զաքիր Հասանով: