Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, ընդառաջելով Կլենտէյլի «Մեմորիըլ» հիւանդանոցի տնօրէնութեան խնդրանքին՝ այցելած է հիւանդանոցը եւ ջրօրհնէք կատարած:
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց Լոս Անճելըս հրապարակուող՝ «Ասպարէզ»էն, որ, մասնաւորապէս, գրած է՝
Ուրբաթ, 3 Յունուարի կէսօրին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, ընդառաջելով Կլենտէյլի «Մեմորիըլ» հիւանդանոցի տնօրէնութեան խնդրանքին՝ Ս. Ծնունդի առիթով այցելեց հիւանդանոցը եւ ջրօրհնէք կատարեց: Սրբազան հօր ընկերակցեցան Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հայրերէն Կոմիտաս Ա. քհնյ. Թորոսեան եւ Կրօնական ժողովի անդամ Արտակ քհնյ. Տէմիրճեան:
Առաջնորդը իր օրհնութեան խօսքին մէջ հակիրճ բացատրութիւն տուաւ այն մասին, թէ Հայ եկեղեցին ինչո՞ւ Ս. Ծնունդը կը տօնախմբէ 6 Յունուարին, ապա լուսաբանեց ջրօրհնէքին իմաստը՝ իբրեւ խորհրդանիշը Յիսուս Քրիստոսի մկրտութեան եւ աւելցուց, որ Ս. Միւռոնի գործածութիւնը բաղադրիչ մասնիկներէն մէկն է մկրտութեան խորհուրդին:
Այս առիթով, հիւանդանոցի նոր տնօրէնութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց առաջնորդին եւ քահանայ հայրերուն, ապա փափաք յայտնեց փոխադարձաբար այցելել Ազգային առաջնորդարանը՝ մօտէն ծանօթանալու համար առաջնորդին հօր եւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի հոգեւոր կեդրոնի մարդասիրական ծրագիրներուն: