Վերջին ժամանակներուն ընկերային ցանցերուն «ընձեռած» դիւրութիւնները յաճախ ընդունուեցան սուիններով։ Մարդիկ, իրենց անձնական կեանքը «ներկայացնելու» միտումէն բացի խօսեցան ու գրեցին ամենատարբեր հարցերու մասին։ Պարզ, երբեմն «սրտցաւ» հայերու, կամ ազգայիններու (այս խումբն արդէն բոլորովին այլ «մակարդակ»ի մը մասին, դասակարգի մը մասին կը խօսի) գրեցին եւ խօսեցան իրենց համար մտահոգութեան տեղիք հանդիսացող խնդիրներու մասին։ Մէկը լուսանկար մը հրապարակեց եւ գրառում մը կատարեց, միւսը դժգոհութիւն մը հնչեցուց եւ երրորդ մը իր տարակուսանքը յայտնեց։ Այդ բոլորն անշուշտ մաս կազմեցին ու կը կազմեն ընդհանուր համակարգի մը, որ մեր այսօրուայ կեանքի, մեր կենցաղի, մեր ապրումներու եւ կենսագրութեան մեծ համայնապատկերն է։ Հոս նաեւ եղան «ճակատամարտեր», իրար հանդէպ վիրաւորանք ու անուանարկում ու ամենավնասկարը մեղադրանքներու շարանը, որ դարձեալ մեր հաւաքական կեանքին մեծ հաշուով վնասներ բերաւ։ Այս մարդոցմէ շատեր, այս բողոքաւորներէն շատ-շատեր գրեցին ու դժգոհեցան նաեւ անոր համար, որ իւրաքանչիւր հասարակութեան մէջ հայութիւնը չունեցաւ իսկական, խորքային հարթակ մը, տեղ մը ուր մարդիկ քով-քովի գալով խօսին ու քննարկեն, քննադատեն ու «կռուին» խնդրի մը մասին ու աւարտին միասին լուծումներու մասին խօսին ու ապա ձեռնարկեն որոշակի քայլերու։
Սակայն այդ հարթակը չերեւցաւ ու դժուար է պատկերացնել, որ Հայաստանէն դուրս ապրող հայութիւնն ալ օր մը պիտի ունենայ այնպիսի հարթակ մը, ուր բոլոր խնդիրները բարձրաձայնուին եւ առաւելապէս ալ մարդոց սրտերուն եւ հոգիներու մէջ «լեցուած» եւ կուտակուած դժգոհութիւնը դուրս գայ, դառնայ իրական արտայայտութիւն եւ այդպիսով մարդիկ, սրտցաւ մարդիկ ու ազգայիններ իրողապէս եւ անկեղծ հոգիով մտածեն ու խորհին լուծումներու մասին։
Թանձրացաւ մեր կեանքը, ու այսօր ալ կը շարունակէ «կոտտալ» ու ցաւիլ այդ թանձր քողին ներքոյ։ Մեր կեանքը դարձաւ պաշտօնական հանդէս, ուր ամէն ոք ուրախ կը ձեւանայ, ամէն ոք որպէս երջանիկ հայ կը ներկայանայ ու աւարտին ալ բոլորը իրար գլուխ-գլխի տուած կը լսեն Քահանայ հայրիկին, կամ լաւագոյն պարագային Սրբազան Հօր «պահապանիչ»ը ու ապա բոլորով մէկ «կը վազեն» դէպի իրենց տուները…։ Այս ձեւաչափը, երկար տարիներէ ի վեր կը շարունակուի, եւ սակայն բողոք մը, մտահոգութիւն մը ունեցող մարդոցմէ, սրտցաւ հայերէ կամ ազգայիններէ նօսր խմբակ մը, այս անգամ ընկերային ցանցերու ճամբով կը ներկայացնէ իր բողոքը, կը գրէ իր վախերուն մասին եւ կը յուսայ, որ այդկերպ իր խօսքը տեղ հասնի…։ Ձեւ մըն է, որուն յաճախ կը դիմեն նաեւ լրագրողները մտածելով, որ այդպէս կարելի պիտի ըլլայ նոր յոյս մը աւելցնել, նոր ճանապարհ մը բանալ եւ իրողապէս մտածել ու խորհիլ լաւագոյն լուծումներուն մասին։
Թէ ինչքանով արդիւնաւէտ են այս ձեւերը, կամ ընկերային ցանցերու միջոցով ընթացող քննարկումները տակաւին պարզ չէ, պարզ է միայն, որ յատկապէս սփիւռքեան մեր առօրեային մէջ ընդհանրական երկխօսութեան մը բացակայութիւնը կայ եւ այդ բացակայութիւնը կը շեշտուի իրար մերժելով, իրար չհանդուրժելով, անհասկնալի քէն մը կապելով եւ իրար դէմ պայքարի անցնելով…։ Յաճախ առանց իրական պատճառներու, հասարակութիւնը կը բաժնուի եւ իւրաքանչիւր հատուած կամ խմբաւորում աւելիով «կը խցկուի» իր իսկ պատեանին մէջ, մէջտեղը ձգելով համատարած անտարբերութեան վիճակ մը, որ առաւելաբար կը խօսի «այսօրն ալ անցնենք, լմնցնենք..» հոգեբանութեան մը մասին։
Աւանդական կուսակցութիւնները՝ այսօր
Մուտքը, որ գրեցի խորքին մէջ նախապատրաստութիւն մը համարեցէք, որպէսզի այս գրութեան տուն տուող իրական նիւթին «նետուինք»։ Քիչ չեն ի հարկէ սփիւռքի մեր կեանքը յուզող խնդիրները, որոնց կարեւորագոյններէն մին անշուշտ սփիւռքի մէջ գործող հայ աւանդական կուսակցութեանց ընդհանուր վիճակն ու այսօր պարզած պատկերն է։
Ի դէպ ամենավատ խնդիրը այդ առումով այդ կուսակցութիւններուն «յստակ» դիրքորոշումն է ինքնաքննդատութիւն մը, քննադատութիւն մը «մարսել» չկրնալը, կամ կտրականապէս դրժելը։
Նոյն առումով ալ, յանկարծ, եթէ ոեւէ անձ, ոեւէ համակիր, կամ նոյնիսկ ոեւէ կուսակցական գրող կամ գործիչ «փորձուի» (այո՛ փորձուի) իր սիրելի կուսակցութեան մասին քննադատութիւն մը կատարել, մնացած բոլորը (առաւելաբար պաշտօնի վրայ եղող խմբագիրներ, գրիչներ, գրչակներ կամ «երեսգիրք»ի (կամ դիմատետրի) հեղինակներ) իրար կը միանան ու կրակ կը թափեն այդ քննադատութիւնը հնչեցնողին դէմ։ Ընդունելի են անշուշտ բոլոր մակարդակի շարադրութիւնները, գովերգումները, վերջին ժամանակներուն Հայաստանէն «աւանդ» բերուած բաժակաճառերը-բայց ոչ երբեք քննադատութիւնը։ Եւ այդպէս կուսակցութիւնը, կը դառնայ «սրբութիւն սրբոց» եւ այդ կուսակցութեան ղեկավարները մէկական չաստուածներ…։ Սա ի հարկէ նորութիւն չէ եւ սակայն այս բոլորի կողքին հարկ է նաեւ մատնանշել, որ այդ կուսակցութիւնները (բոլորին մասին է խօսքը) «սաստիկ հիւանդ» են։ Այդ «հիւանդութեան» մասին հրապարակաւ խօսիլը պէտք է մատնանշուի, որպէսզի եթէ կարելիութիւնները կան բուժումներու, ապա այդ բուժումները կ՚իրառուին… Շատ լաւ գիտենք անշուշտ, որ յատկապէս սփիւռքի մէջ արդիական եւ գիտակից սերունդ մը կայ, որ կը խուսափի կուսակցութիւններէն, նոյնիսկ հերքելով իր-իրենց հայրերուն ու մայրերուն, մէկ խօսքով՝ ծնողներուն մօտիկ «անցեալ»ը եւ այդ հերքումին աւելցնելով «ասոնք բոլորն ալ վերջացած են» մօտեցումը։ Մեղք չէ անոնց գործածը, մօտեցում է, արժանի յարգանքի եւ ուշադրութեան, պարզապէս հասկնալու համար առկայ հիւանդութիւններուն իրական խորքը…։
Սագօ Արեան
«Ժամանակ»/Պոլիս