image

Թրամփի ծրագիրը Լիբանանի համար՝ «Պարտադրեալ խաղաղութիւն», կամ խաղաղութեան «ուժ»ը

Թրամփի ծրագիրը Լիբանանի համար՝  «Պարտադրեալ խաղաղութիւն», կամ խաղաղութեան «ուժ»ը

Լիբանանի վերջին պատերազմի եւ Միացեալ Նահանգներու նոր նախագահ ընտրուելու ֆոնին, Միացեալ Նահագներու Աթլանթա քաղաքէն միջազգային տագնապներու կառավարման ակադեմիկոս եւ ռազմագէտ դոկտ. Սահակ Անտէքեան, հրապարակում մը կատարած է «Ալ Ժումհուրիէ» պարբերաթերթին մէջ, ուր անդրադարձած է նորընտիր նախագահ Թրամփի ծրագիրին Լիբանանի նկատմամբ: «Արեւելք» թարգմանաբար կը ներկայացանէ յօդուածը իր ընթերցողներուն։

Դոկտ. Անտէքեան մասնաւորապէս կը գրէ:

«Նախագահ Տանըլտ Թրամփ իր նախընտրական քարոզարշաւի ընթացքին խոստացաւ խաղաղութիւն հաստատել Միջին Արեւելքին մէջ եւ ստորագրեց այդ խոստումը Միշիկընի Հասան Ապպաս ճաշարանին մէջ ներկայութեամբ  մեծ թիւով լիբանանցիներու։Այն ժամանակ Թրամփ չյստակացուց խաղաղութեան հասնելու գործընթացը, այլ պարզապէս բաւարարուեցաւ խոստումով մը։

Թրամփի յաղթանակէն եւ իր վարչակազմի ընտրութենէն ետք, այդ գործընթացը սկսաւ յստականալ: Թրամփ Արտաքին գործոց նախարար ընտրեց Ռուպիոն, որ անմիջապէս յայտարարութիւն կատարեց,- «Թրամփի ղեկավարութեամբ Ուաշինկթըն ուժով պիտի հաստատէ խաղաղութիւնը Միջին Արեւելքին մէջ»։ Այս յայտարարութիւնը կը թելադրէ պահ մը մտածել, հասկնալու ամերիկեան մտայնութիւնն ու մտածելակերպը Միջին Արեւելքի եւ Լիբանանի մէջ խաղաղութիւն հաստատելու հարցով: 

Ռուպիոյի այս յայտարարութիւնը կ'արտացոլէ իրապաշտական այն դպրոցը, զոր  Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները կ'որդեգրէ իր միջազգային յարաբերութեանց եւ արտաքին քաղաքականութեան մէջ. այն հիմնուած է ուժի տրամաբանութեան վրայ, ըլլայ այդ ռազմական ուժ, տնտեսական, ֆինանսական կամ արհեստագիտական, որոնց մէջ  գերակայ ըլլալը  կ'ապահովէ, որ երկիրը դառնայ աշխարհը կառավարող միակ բեւեռը:

 

Ուժի երկու օրինակ 

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները ունի ուժի կիրառման երկու օրինակ՝  Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի ժամանակ Եւրոպայի օրինակը եւ Իրաքի ու Աֆղանիստանի օրինակը: 

Ինչ կը վերաբերի Երկրորդ համաշխարհային պատերազմին, դաշնակից երկիրները գլխաւորող Միացեալ Նահանգները ռազմական յաղթանակ տարաւ նացի ​​Գերմանիոյ դէմ եւ խաղաղութիւն պարտադրեց ըստ ամերիկեան ըմբռնումի, այսինքն՝ ուժով  (Victor's Peace): Այն ուզեց փոխել Գերմանիոյ մէջ արիական  (ցեղապաշտական)  տարրի գերակայութեան ցեղապաշտական-քաղաքական հայեցակարգը եւ կատարեց կարգ մը ընկերային փոփոխութիւններ (Social Engineering), օրինակ՝ վերակառուցել քարերն ու մարդիկը ըստ Մարշալի ծրագիրին:

Իսկ  2001 եւ 2003 թուականներուն, Աֆղանիստանի եւ Իրաքի մէջ, Միացեալ Նահանգներ որդեգրեց ռազմական ուժով պայքարիլ զինեալ խմբաւորումներուն, կրօնական (fundamentalist) ​​շարժումներուն, ապստամբութիւններուն եւ ոչ պետական ​​կողմերուն (non-state actor) դէմ եւ ուժի տարամաբանութեամբ պարտադրեց փոփոխութիւններ այդ հասարակութիւններուն մէջ, սակայն չարաչար ձախողեցաւ, եւ իր ռազմական ուժերը դուրս հանեց Իրաքէն 2011-ին եւ Աֆղանիստանէն 2021-ին առանց ցանկալի խաղաղութեան հաստատման:

 

Ուժի կիրառմամբ խաղաղութեան օրինակը Լիբանանի մէջ

Ինչ կը վերաբերի Լիբանանին, երկրորդ օրինակը անկիրառելի է որովհետեւ պիտի արժանանայ Իրաքի եւ Աֆղանիստանի ճակատագրին: Ինչպէս նաեւ քանի մը գործօններու առկայութիւնը Լիբանանի եւ տարածաշրջանին մէջ չի յուշեր այս ձեւի յաջողութեան մասին: Հետեւաբար, համառօտ ձեւով ուսումնասիրենք առաջին օրինակի կիրառման հնարաւորութիւնը Լիբանանի մէջ եւ անոր յաջողութիւնը խաղաղութիւնը պարտադրելու տեսանկիւնէն։ 

Խաղաղութիւնը ուժով պարտադրելու համար հարկաւոր է շահող կողմ, որ կ'ապահովէ յաղթանակը, նաեւ պարտուած եւ կոտրուած կողմ: Այստեղ կը ծագին այն  հարցերը թէ ինչպէ՞ս Միացեալ Նահանգներ եւ/կամ Իսրայէլ պիտի կարողանան  ռազմական ճանապարհով չէզոքացնել Լիբանանի «Դիմադրութեան առանցք»ը, հակառակ որ առանցքի մարտիկները չեն վախնար մահէն, այլ կը ցանկան այդ, որովհետեւ կը հաւատան, որ նահատակութիւնը, որ յաղթանակ է, պարգեւ է Աստուծմէ: Ուրեմն կ'առաջանայ այլ հարց,- Եթէ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմին դաշնակից երկիրները կարողացան յաղթել նացիստական  ​​Գերմանիոյ եւ վերացնել ցեղապաշտական-քաղաքական գաղափարախօսութիւնը, արդեօք պիտի կարողանա՞ն վերացնել «Դիմադրութեան առանցք»ի գաղափարախօսութիւնը, որ ոչ միայն քաղաքական գաղափարախօսութիւն մըն է, այլ նաեւ վարդապետութիւն, ուր կրօնն ու քաղաքականութիւնը միաձուլուած են 1400 տարիներէ ի վեր, սկսեալ Քարպալաի (Իրաքի մէջ  տեղի ունեցած պայքարը, ուր  Մոհամմէտ Մարգարէի երկու որդիներուն նահատակութիւնը, պատճառ  կը դառնայ նոր շարժումի մը՝ շիիթներու համայնք  սկզբնաւորման կամ  գոյացման)  միջադէպէն եւ անոր հետ կապուած նահատակութեան կարգախօսէն, որ դարձած է «յեղափոխական» ներկայացող   շիիթ իսլամի  հիմքերէն մէկը, եւ որուն  գաղափարական հայացքով ալ     ճամբայ ելած ու յաջողութեան հասած է Իրանի իսլամական յեղափոխութիւնը 1979-ին. հետեւաբար դժուար թէ որեւէ երկիր կարենայ ռազմական ուժով վերացնել այս վարդապետութիւնը: Խաղաղութիւն պարտադրելը կամ զայն ուժով հաստատելը կը պահանջէ յաղթող կողմ, որ ըստ Ռուպիոյի տրամաբանութեան՝ ամերիկեան կողմն է, եւ կոտրուած, նուաստացած եւ պարտուած կողմ, որ նոյնպէս ըստ Ռուպիոյի՝ «Դիմադրութեան առանցք»ի կողմն է։ 

Յամենայն դէպս, կարելի չէ ամբողջութեամբ անտեսել ռազմական ուժին դերը իրադարձութիւններու ընթացքը որոշելու, նոյնիսկ խաղաղութեան հասնելու գործին մէջ, քանի որ ռազմական ուժը դեր ունի «Դիմադրութեան առանցք»ին վրայ ճնշում բանեցնելու մէջ: Իսրայէլ կ'որդեգրէ ցնցման եւ սարսափի  (Shock and awe) ռազմավարութիւնը՝ իրագործելով աւերներ, վնաս հասցնելով շիիթ գիւղերուն եւ շրջաններուն, ցաւ պատճառելով Լիբանանի շիիթ համայնքին, ստեղծելով ճնշիչ իրավիճակ, որպէսզի  շիիթ քաղաքական առաջնորդները ստիպուած ըլլան  ընդունելու  Արեւմուտքի պայմանները  ռազմական գործողութիւնները դադրեցնելու առնչութեամբ։

Չնայած, որ Ռուպիոն կ'ուզէ ուժով հաստատել խաղաղութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ, բայց գործնականօրէն այդ հնարաւոր չէ գաղափարական, կրօնական եւ բանակավարական (Logistic) պատճառներով: Եթէ ​​նոյնիսկ ենթադրենք, որ այդ կարելի է, եւ որ Իսրայէլ կրցաւ Ամերիկայի օգնութեամբ ջախջախել «Դիմադրութեան առանցք»ը  եւ ուժով հասաւ խաղաղութեան, այդ իսկական խաղաղութիւն չի համարուիր, քանի որ, ինչպէս ըսած է մտաւորական եւ քաղաքական փիլիսոփայ Էմանուէլ Քանթ 1795-ին լոյս տեսած «Perpetual Peace» (Յաւերժական խաղաղութիւն) իր գիրքին մէջ,- «Վստահութիւնը էական գործօն է իսկական խաղաղութիւն հաստատելու համար պատերազմող կողմերուն միջեւ», աւելցնելով՝ «Ոչ մէկ խաղաղութեան պայմանագիր  վաւեր է, եթէ այնտեղ ծածուկ մտադրութիւն  կայ պատերազմը  վերսկսելու եթէ յարմար առիթ ընծայուի։ Պէտք է զանազանել իսկական խաղաղութեան եւ զինադադարին միջեւ, երկիրները  պիտի սորվին վստահիլ իրար»: Հետեւաբար, եթէ իսրայէլացիներն ու ամերիկացիները խաղաղութիւն հաստատեցին ուժով, այդ  իսկական խաղաղութիւն պիտի չըլլայ, այլ ժամանակաւոր զինադադար, քանի որ «Դիմադրութեան առանցք»ն այն ժամանակ պիտի պատրաստուի  հնարաւոր պատերազմի, երբ պայմանները ներեն, ինչպէս ըրաւ Իսրայէլ ներկայիս։ Յուլիս 2006-էն ի վեր Իսրայէլ կը պատրաստուէր այս պատերազմին, որովհետեւ 1701 բանաձեւը չէր գործադրուած որեւէ կողմի կողմէ եւ վստահութիւն չկար կողմերուն միջեւ վերջ տալու ռազմական եւ թշնամական գործողութիւններուն: Միւս կողմէ, Լիբանանի  պատերազմը դադրեցնելու եւ կայուն խաղաղութիւն հաստատելու համար պէտք է հաշուի առնել պատերազմող կողմերու մտահոգութիւնները, նաեւ տարածաշրջանային մակարդակով (Marco-level) քաղաքական կարգաւորման հասնիլ Իրանի հետ, որ «Դիմադրութեան առանցք»ի հովանաւորն է ու ձեռքբերել պատերազմող կողմերու միջեւ վստահութիւն։ 

 

Խաղաղութիւն հաստատելու այլընտրանքային տեսլական

Ի տարբերութիւն Ռուպիոյի տրամաբանութեան, ամերիկեան յաջորդ վարչակազմին մէջ կան անհատներ, որոնք կը կարծեն, որ Լիբանանի մէջ խաղաղութիւն հաստատելը չ'իրականանար ուժով կամ «Դիմադրութեան առանցք»ը թիրախաւորելով, որովհետեւ վերջինս միայն գործիք է Իրանի հրամանները կատարելու համար: 

Այդ ամերիկացի անձնաւորութիւններէն է Իլոն Մասքը, որ Թրամփի գլխաւոր աջակիցներէն է եւ անոր կառավարութեան նախարարներէն մէկը: Մասք դիմեց  հիմնական կողմին (Իրանին) քան փոխանորդին (Լիբանանի «Դիմադրութեան առանցք»ին), ան խախտեց Միացեալ Նահանգներու վարած քաղաքականութիւնը Իրանի հետ, որ 1979-ի պատանդներու տագնապէն ետք կը թելադրէր Իրանի հետ դիւանագիտական ​​կապերը ըլլան անուղղակի եւ միջազգային միջնորդներու միջոցաւ։ Ըստ «New York Times» պարբերականին՝ Իլոն Մասք անցնող  11 նոյեմբերին, Նիւ Եորքի մէջ հանդիպած է ՄԱԿ-ի մօտ Իրանի դեսպանին հետ եւ մէկ ժամէն աւելի քննարկած Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ առկայ լարուածութիւնը թուլացնելու միջոցը, լարուածութիւն, որ իր ազդեցութիւնը ունի Միջին Արեւելքի մէջ ընթացող պատերազմին վրայ: Ուստի ուժի տրամաբանութեան միւս այլընտրանքը երկխօսութիւնն է, փոխըմբռնումները եւ քաղաքական կարգաւորումները։

 

«Արեւելք»ի համար թարգմանեց՝  Թ. Գասպարեան