image

Թուրքիա ժամանած են Իսրայէլի կողմէ ազատ արձակուած 15 պաղեստինցի քաղբանտարկեալ

Թուրքիա ժամանած են Իսրայէլի կողմէ ազատ արձակուած 15 պաղեստինցի  քաղբանտարկեալ

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանը յայտարարած է, որ Իսրայէլի կողմէ ազատ արձակուած 15 պաղեստինցի բանտարկեալներ ժամանած են Թուրքիա։

Ինչպէս հաղորդած է «Արմէնփրէս»֊ը, Հաքան Ֆիտանն այս մասին յայտարարած է իր եգիպտացի գործընկեր Պատր Ապտուլաթիի հետ Անգարայի մէջ կայացած համատեղ մամուլի ասուլիսին։

«Մենք մեծ աջակցութիւն ցուցաբերած ենք Կազայի մէջ հրադադարի գործընթացին, ամէն ինչ ըրած ենք կողմերու միջեւ զինադադարի համաձայնագիրը կեանքի կոչելու համար, 15 պաղեստինցի բանտարկեալներ ժամանած են Թուրքիա»,- նշած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը։