Երէկ, 4 Փետրուարի առաւօտեան, Այնճարի Սուրբ Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ, յընթացս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի կատարուած է հոգելոյս Տ. Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանի վերջին օծման արարողութիւնը, որուն յաջորդած է թաղման գերեզմանի կարգի արարողութիւնը՝ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ։
Նշենք որ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երիտասարդ միաբաններէն, Պեքայի շրջանի հոգեւոր տեսուչ Տ. Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան, օրերս, Մեթնի Պսալիմ շրջանին մէջ զոհ դարձած էր անարգ ոճիրի։
Անոր սպանութիւնը դատապարտումի լայն ալիք յառաջացուց պետական, կրօնական, քաղաքական, հասարակական ու եկեղեցական շրջանակներու մէջ:
Ասոր մասին «Արեւելք» իմացաւ «Կիլիկիա» հարթակէն, որ մասնաւորապէս տեղեկագրած է՝
Շաբաթ, 1 Փետրուար 2025-ի վաղ առաւօտուն, իր մատղաշ տարիքին մէջ ի Տէր հանգաւ հայ եկեղեցւոյ ծառայ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Սուրբ Աթոռին հաւատարիմ զաւակ եւ շատերու բարեկամ ու սիրելի Տ. ԱՆԱՆԻԱ ԾԱՅՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏ ԳՈՒՃԱՆԵԱՆ՝ զոհը դառնալով անողորմ ոճիրի մը։
Արդարեւ, օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետին, Երեքշաբթի, 4 Փետրուար 2025-ի առաւօտեան, հայկական աւան Այնճարի (Լիբանան) Սուրբ Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ, յընթացս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի մատուցման, կատարուեցաւ հոգելոյս հայր սուրբին վերջին օծման արարողութիւնը, ձեռամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, մասնակցութեամբ միաբան հայրերու, թեմի քահանայից դասու ու դպրեվանեցիներու եւ ներկայութեամբ հիւր հոգեւորականներու ու բազմաթիւ հաւատացեալներու։ Միաբան հայրեր, իրենց վաղամեռիկ ուխտակից եղբօր դագաղը շրջապատած՝ առ Աստուած կը բարձրացնէին իրենց աղօթքները՝ Աւետարանի ու սաղմոսի ընթերցմամբ։ Հասաւ այն պահը, երբ անոնք ուսամբարձ Սուրբ Խորան բերին հոգելոյս հայրը սուրբը, որպէսզի ստանար իր վերջին օծումը։
Օծման արարողութեան աւարտին, սրբազան հայրը յաւուր պատշաճի իր քարոզը կեդրոնացուց Պօղոս առաքեալի խօսքերուն վրայ. «ամէն տեսակ նեղութիւն ունինք‚ բայց ընկճուած չենք. տագնապի մատնուած ենք‚ բայց յուսահատ չենք. հալածանքներ անպակաս են‚ բայց լքուած չենք. յաճախ խոշտանգուած` բայց խորտակուած չենք» (Բ. Կր 4.8-9). առաքեալին այս խօսքերը վեր առնելով՝ ան թելադրեց աղօթել, որպէսզի մեր սիրտը չպարպուի Աստուծոյ զգացումէն։ Քարոզիչ սրբազանը իր դամբանական խօսքին մէջ յատկապէս ըսաւ. «երբ հաւաքուած ենք այս եկեղեցւոյ կամարներուն տակ, մեր հաւատքը մեզի կը յուշէ, թէ ցաւեր կան, որոնք կը բուժուին դեղերով, բայց նաեւ կան ցաւեր, որոնք միայն կրնան բուժուիլ Աստուծոյ պարգեւած շնորհքով։ Ուստի, մեր սուգին ու տրտմութեան մէջ, պէտք է խրատուինք եւ անդրադառնանք, թէ միայն աղօթքի զօրութեան հաւատացողները կրնան հրաշք յուսալ»։
Խօսելով հոգելոյս հայր Անանիային մասին՝ Շահէ արքեպիսկոպոս նշենց. «այսօր հողին կը յանձնենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ միաբանութեան երիտասարդ ու ընտիր ուժերէն մէկը։ Ան, փոքր հասակէն, Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դպրեվանքեան դաստիարակութեան շնորհիւ, քաղած էր մեր եկեղեցւոյ ու ազգի սպասաւորութեան խորհուրդը, որ ի վերջոյ զինք պիտի առաջնորդէր խոնարհ հոգիով վերցնելու ծառայութեան լուծը։ Իբրեւ հոգեւորական մարդ ու վարչական աշխատանքներու պատասխանատու, առատաշնորհ մշակ էր ողբացեալը։ Արդարեւ, թէեւ շատ կարճ եղան հայր սուրբին ծառայութեան տարիները, սակայն իբրեւ ջերմութիւն ու խրախոյս փոխանցող խանդավառ քարոզիչ, Իրանէն մինչեւ Լիբանան, ան գործեց եռանդով ու իր բոլոր աշխատանքներուն մէջ զետեղեց նուիրում, խանդ ու եռանդ եւ ամէն տեղ արժանացաւ մեր ժողովուրդի սիրոյն ու գնահատանքին։ Վարձքդ կատար, սիրելի հայր սուրբ» եզրափակեց իր դամբանական խօսքը սրբազան հայրը։
«Ողջոյն»ի պահուն, հայ եկեղեցւոյ աւանդութեան համաձայն, հոգեւոր հայրեր Սուրբ Խորան բարձրանալով՝ հրաժեշտի վերջին համբոյրը տուին իրենց հոգեւոր եղբօր։
Եկեղեցական արարողութենէն ետք, հանգուցեալ Տ. Անանիա Ծայրագոյն Վարդապետին մարմինը փոխադրուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանք, ուր տեղի ունեցաւ թաղման գերեզմանի կարգի արարողութիւնը, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ մասնակցութեամբ բազմաթիւ հաւատացեալներու եւ պետական, կուսակցական ու միութենական բարձրաստիճան պատասխանատուներու ու ներկայացուցիչներու։ Շարականներու, աւետարանական ու առաքելական նամակներու ընթերցանութեամբ՝ Հայրապետը կատարեց հողի օրհնութիւնը, որմէ ետք տեղի ունեցաւ գերեզմանի կնքման արարողութիւնը։
Աւարտին, վեհարանի դահլիճին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց ցաւակցութիւններ։