Բարեսիրտ, մեր եկեղեցւոյ աւանդները յարգող ու որոշ ժամանակ մըն ալ վարչական պատասխանատուութիւններ ստանձնած անձնաւորութիւն է Վաչէ Արսլանեանը, որուն սպանութիւնը ցնցած է համակ պէյրութահայութիւնը։
Եղածին մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացած է Պէյրութի իր աղբիւրներէն։
Կը նշուի, որ երկօրեայ բացակայութիւնէ ետք իրաւապահ մարմինները միջոցներ ձեռնարկելով մուտք գործած են Արսլանեանի բնակարանը ու յայտնաբերած անոր դին։
Յաւելեալ մանրամասնութիւններ կը պակսին, կը նշուի միայն, որ գործարար Արսլանեան կը բնակէր Պէյրութի «Ժահթաուի» շրջանի իր սեփականութիւնը հանդիսացող բնակարանին մէջ եւ որ անոր ընտանիքը կը գտնուի Միացեալ Նահանգներ։ Ան վերջին տարիներուն յաճախ այցելած է ԱՄՆ, իսկ Պէյրութ շարունակել ապրելու պատճառը աշխատանքն էր։
Արսլանեան, որ յարգուած մէկ անդամն է Պէյրութի Էշրէֆիէ շրջանի հայութեան, երկար ատեն ծառայած է՝ հանդիսանալով Սուրբ Յակոբ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ գործունեայ վարչական-թաղականներէն մին։
Վերջինիս սպանութիւնը խորապէս ցնցած է անոր բարեկամական շրջանակները, զինք ճանչցողները եւ ամբողջ պէյրութահայութիւնը։
Դէպքի մանրամասնութիւնները տակաւին կը ճշդուին, ապահովական մարմիններ քննութիւն բացած են եղածին վերաբերեալ։
Հանգուցեալը իր ընտանեկան պարագաներուն հետ