Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ Հայր Նարեկ վրդ. Լուիսեան արդէն ութ տարիներէ ի վեր հովուական առաքելութեամբ կը գտնուի Քեսապի մէջ եւ հակառակ ամենատարբեր տեսակի դժուարութիւններուն ու պատերազմի ողջ ընթացքին, ոչ մէկ առիթով բացակայած է հայաշունչ աւանէն։
Այս մէկն արդէն բաւարար ապացոյց է վերջինիս նուիրումին եւ իր կրօնաւորի առաքելութեան հանդէպ ունեցած հաւատարմութեան։
Քեսապի հայկական համայնքի անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը ապահովելու առաջադրանքին առընթեր օրերս կարեւոր քայլով մը Քեսապի հայ կաթողիկէ համայնքի ժողովրդապետ Հ. Նարեկ վրդ. Լուիսեան այցելութիւն տուած է Լաթաքիոյ նահանգապետարան։
Ասոր մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց Քեսապի իր աղբիւրէն։
Կը նշուի, որ Վարդապետին ու անոր գլխաւորած պատուիրակութեան դիմաւորած է նահանգապետ Տիար Մոհամմատ Օսման, ինչպէս նաեւ Լաթաքիոյ գիւղական հատուածներու պատասխանատու Մոհամմատ Թարիֆէ։
Կողմերը խօսակցութիւն ծաւալած են շրջանին մէջ տիրող իրավիճակին վերաբերեալ եւ համաձայնած են շարունակել այդ որակի հանդիպումները։
Իր կարգին Հ. Նարեկ Վրդ. Իր ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնած է շրջանի պատասխանատուներուն ու անոնց ճամբով Սուրիոյ իշխանութիւններուն կարեւորելով Սուրիոյ տարբեր կրօններու միջեւ երկխօսութեան եւ համակեցութեան երկիր ըլլալու հանգամանքը։