image

Սուրիան կը ձգտի Թուրքիոյ հետ ռազմավարական գործընկերութեան. Ալ-Շարրա՝ Անգարայէն

Սուրիան կը ձգտի Թուրքիոյ հետ ռազմավարական գործընկերութեան. Ալ-Շարրա՝ Անգարայէն

Սուրիան կը ձգտի Թուրքիոյ հետ ռազմավարական գործընկերային յարաբերութիւններ զարգացնել բոլոր ոլորտներու մէջ, յայտարարած է Սուրիոյ անցումային շրջանի նախագահի պաշտօնակատար Ահմատ Շարրան՝ Թուրքիոյ առաջնորդ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի հետ բանակցութիւններէն ետք։

«Այսօր երկու երկիրներու միջեւ կան առանձնայատուկ եղբայրական յարաբերութիւններ, եւ մենք կը ձգտինք ատնք վերածել ռազմավարական գործընկերութեան բոլոր ոլորտներու մէջ»,-ըսած է ան՝ ընդգծելով, որ կարեւոր ռազմավարական խնդիր է «համագործակցութիւնը անվտանգութեան ոլորտի մէջ»։

«Յուսով եմ, որ կը համագործակցինք անվտանգութեան ոլորտի մէջ՝ երկու երկիրներու զարգացման նպաստելու համար »,- ըսած է Շարրան։ Անոր խօսքով՝ Էրտողանի հետ հանդիպման ժամանակ կողմերը քննարկած են այդ ոլորտի մէջ առկայ սպառնալիքները՝ «յատկապէս Սուրիոյ արեւելեան եւ հիւսիսային հատուածներուն մէջ»։

Շարրան նաեւ նշած է, որ Սուրիան Թուրքիոյ հետ համագործակցութիւն կ՚ակնկալէ «մշակութային, տնտեսական եւ առեւտրային ոլորտներու մէջ»։

Էրդողանն իր հերթին նշած է, որ Թուրքիան ամենայուսահատ ու դժուարին օրերուն չէ թողած սուրիացի ժողովուրդը անախորժութիւններու մէջ, եւ Անգարան նոր ժամանակաշրջանին մէջ եւս անոնց պիտի տրամադրէ անհրաժեշտ աջակցութիւնը։

Ան նշած է, որ Սուրիոյ անցումային շրջանի նախագահի այցն Անգարա կը դիտարկէ որպէս մշտական ​​բարեկամութեան շրջանի սկիզբ։

Թուրքիոյ նախագահն ընդգծած է, որ կողմերը գնահատած  են համատեղ քայլերը, որոնք կրնան ձեռնարկուիլ Սուրիոյ մէջ անվտանգութեան ու տնտեսական կայունութեան հաստատման համար, ինչպէս նաեւ քննարկած են այլ քաղաքական լայն շրջանակ ընդգրկող հարցեր։ 

Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ ղեկավարներու բանակցութիւնները կայացած են Անգարայի մէջ՝ նախագահական նստավայրին մէջ։ Երկու կողմերու պատուիրակութիւններու կազմին մէջ եղած են նաեւ արտաքին գործոց նախարարները եւ հետախուզական ծառայութիւններու ղեկավարները։