image

Թալանած, յետոյ փորձած են այրել պատգամաւոր Գառնիկ Դանիէլեանի մեքենան

Թալանած, յետոյ փորձած են այրել պատգամաւոր Գառնիկ Դանիէլեանի մեքենան

Դաշնակցութեան գրասենեակին մօտ թալանած են, ապա փորձած այրել ԱԺ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գառնիկ Դանիէլեանի ինքնաշարժը։ Ինքնաշարժի վրայէն գողցած են շուրջ 2,000 տոլարնոց կտորներ ։ Այս մասին գրած է «Հրապարակ»ը։

«Երկար ժամանակ է՝ մեքենան այստեղ է կայանուած, գաղափար չունեմ, թէ ով է արել»,- ըսած է Գառնիկ Դանիէլեան։

Յիշեցնենք, որ Գառնիկ Դանիէլեան շաբաթ օր կը մասնակցէր փոխադրամիջոցի թանկացման դէմ ուղղուած շարժումին։