image

Թիֆլիսի մէջ. Շառլ Ազնաւուրի 100-ամեակին նուիրուած համերգ

Թիֆլիսի մէջ. Շառլ Ազնաւուրի 100-ամեակին նուիրուած համերգ

Յունուար 21ին, Թիֆլիսի Շոթա Ռուսթաւելիի անուան ազգային թատրոնին մէջ տեղի ունեցած է ֆրանսահայ, արմատներով Վրաստանէն, հռչակաւոր երգիչ, երգահան, դերասան Շառլ Ազնաւուրի 100ամեակին նուիրուած համերգ, որու մենակատարն էր` երգչուհի, երգերու հեղինակ, երաժիշտ, ձայնագրման արտադրող Արփի Ալթոն (Արփինէ Տէր Պետրոսեանը): Համերգը կազմակերպած էր Վրաստանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւնը:

Շառլ Ազնաւուրի 100ամեայ յոբելեանն ընդգրկուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕի` Հռչակաւոր մարդոց եւ կարեւոր իրադարձութիւններու յոբելեաններու 2024-2025թթ. օրացոյցին մէջ` ԵՈՒՆԵՍՔՕի ֆրանքոֆոն դեսպաններու աւելի քան 80 անդամ ունեցող խումբի աջակցութեամբ եւս:

Միջոցառումը նպատակ ունէր ոչ միայն յիշատակել Ազնաւուրի ժառանգութիւնը, այլեւ ամրապնդել հայ եւ վրաց ժողովուրդներու մշակութային կապերը: Վրաստանի մէջ հայկական համայնքի եւ տեղի հասարակութեան համար այս միջոցառումն առանձնայատուկ նշանակութիւն ունէր, քանի որ Ազնաւուրն արմատներով նաեւ Վրաստանէն է:

Համերգի ընթացքին հնչած են Ազնաւուրի ամենայայտնի երգերը, ներկաները վերհիշած են անոր անկրկնելի ձայնը եւ զգացմունքային կերպարները: Արփի Ալթոյի կատարումները իւրայատուկ հմայք հաղորդած են միջոցառման, ստեղծելով ջերմ ու անմոռանալի մթնոլորտ:

Հանդիսատեսը մեծ խանդավառութեամբ ընդունած է համերգը, իսկ եզրափակիչին բուռն ծափահարութիւններ հնչած են նաեւ «Արի Իմ Սոխակ» երգի համար, որ յուզած է ներկաները:

Համերգը մէկ անգամ եւս յիշեցուցած է Շառլ Ազնաւուրի՝ որպէս անհատի համամարդկային արժէքի մասին։

 

Աղբիւր՝ jnews.ge