Ան, որպէս հաւատացեալ անդամը Հայ Կաթողիկէ համայնքին վարած է տարբեր պաշտօններ ու շրջան մըն ալ հանդիսացած Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի պաշտօնաթերթ հանդիսացող «Մասիս»ի խմբագրութեան։
Նաճարեան ստացած է բազում պատուանշաններ, որոնց վերջիններէն՝ Հայ Կաթողիկէ Հոգեւոր Տէրոջ Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ Մինասեանին կողմէ տրուած շքանշանն ու Մարոնի եկեղեցւոյ Ռահի Պատրիարքին կողմէ շնորհուած պարգեւանշանը։
Հեղինակ է բազմաթիւ հատորներու։
Լիբանանէն տխուր լուր ստացանք։
Իր յառաջացած տարիքին աչքերը յաւերժութեան փակած է համայնքային շրջանակներուն մէջ ծանօթ, սիրուած, ծառայասէր եւ ուղղամիտ մտաւորական Սարգիս Նաճարեանը։
Նշենք, որ լրագրողական ասպարէզի մէջ բազում յաջողութիւններու հասած Նաճարեան, որպէս Հնչակեան գործիչ վարած է խմբագրութիւնը ՍԴՀԿ օրկան՝ «Արարատ»ին։
Ան, որպէս հաւատացեալ անդամը Հայ Կաթողիկէ համայնքին վարած է տարբեր պաշտօններ ու շրջան մըն ալ հանդիսացած Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի պաշտօնաթերթ հանդիսացող «Մասիս»ի խմբագրութեան։
Նաճարեան ստացած է բազում պատուանշաններ, որոնց վերջիններէն՝ Հայ Կաթողիկէ Հոգեւոր Տէրոջ Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ Մինասեանին կողմէ տրուած շքանշանն ու Մարոնի եկեղեցւոյ Ռահի Պատրիարքին կողմէ շնորհուած պարգեւանշանը։
Հեղինակ է բազմաթիւ հատորներու։
Այս առթիւ մեր ցաւակցութիւնները կը յղենք Հայ Կաթողիկէ համայնքին, ՍԴՀԿ մամլոյ ընտանիքին, ինչպէս նաեւ ընտանեկան պարագաներուն ու գաղափարի ընկերներուն։
Տակաւին պիտի անդրադառնանք անոր վաստակին։
Լուրը պատրաստեց՝ «Արեւելք»ը