Աւելորդաբանութիւն (3)
Կը պատահի որ խօսողը կամ մանաւանդ գրողը ներքին մղումով մը փորձէ կիրարկել բառեր, որոնք ձեւով մը առինքնած են զինք՝ յաճախ առանց բոլորովին ըմբռնուած ըլլալու. ասոնք սովորաբար գրաբարեան նկարագիր ունին. օրինակ՝
--«Անոնք հայրենիքի սիրոյն համար զոհուեցան»:
Այսպէս ըսողը չի գիտեր կամ չ’անդրադառնար, թէ սիրոյն եւ համար յետադրութիւնները նոյն նշանակութիւնը ունին, շարահիւսական նոյն պաշտօնը կը կատարեն, եւ ահա կը կուտակեն զանոնք նոյն նախադասութեան մէջ, ուր անոնցմէ միայն մէկը կատարելապէս բաւարար է:
--Անոնք հայենիքի սիրոյն զոհուեցան:
--Անոնք հայրենիքի համար զոհուեցան:
--«Առի՛թ տուէք ժողովրդավար կարգերու հաստատման ի խնդիր աշխատելու համար»:
Սա արդէն քիչ մը աւելի խրթին է իր ի խնդիր գրաբարեան կառոյցով, որ նմանապէս հոմանիշ է համար յետադրութեան:
Գրողը պարզապէս չի գիտեր նշանակութիւնը, այդ պատճառով ալ իր միտքը գոհացած չէ ի խնդիր-ով,— որ միւս կողմէ կ’ուզէ ա՛նպայման օգտագործել, հմայուած է անով,— եւ կը փութայ աւելցնելու համար-ը, որ շատ աւելի ժողովրդախօսակցական ու մատչելի է, որուն կը տիրապետէ, որ կը ճանչնայ եւ որով գոհացած է:
Այլապէս՝ ի սկզբանէ պիտի ընտրէր հետեւեալ երեքէն մէկը՝
--Առի՛թ տուէք ժողովրդավար կարգերու հաստատման ի խնդիր աշխատելու:
--Առի՛թ տուէք ժողովրդավար կարգերու հաստատման համար աշխատելու:
--Առի՛թ տուէք ժողովրդավար կարգերու հաստատման սիրոյն աշխատելու:
Ծանօթ.– Ուրեմն պէտք է միշտ ու միշտ շեշտել՝ հրապարակաւ թէ դպրոցական սեղաններու շուրջ, որ՝ սիրոյն, համար եւ ի խնդիր հոմանիշներ են, անշուշտ նրբերանգային տարբերութիւն-ներով, որոնք էական չեն. հետեւաբար կարելի չէ ասոնք կուտակել նոյն նախադասութեան մէջ:
--«Պտուտակները ամրացուցին ըստ պէտք եղած չափին»:
Այսպէս գրողը իր կարգին չի տիրապետեր ըստ նախադրութեան նշանակութեան, ունի շատ տարտամ գաղափար մը, թէ ան ինչ-որ համապատասխանութիւն ցոյց կու տայ. չմոռնանք, սա եւս հեռու է ժողովրդախօսակցական ըլլալէ, հետեւաբար ամէն մահկանացուի մատչելի չէ: Այլապէս ան պիտի ընտրէր հետեւեալ երեքէն մէկը.
--Պտուտակները ամրացուցին պէտք եղած չափով:
--Պտուտակները ամրացուցին պէտք եղածին չափ:
--Պտուտակներիը ամրացուցին ըստ կարիքի:
Անհամատեղելի տարրերու հրմշտուք մը կը գտնենք հետեւեալին մէջ եւս.
--«Միքաթի գնահատեց երկու երկիրներուն միջեւ ներկայ երկկողմանի գործակցութիւնը» («Ազդակ», 23/7/2024, էջ 2):
Ուր աւելորդ են միջեւ յետադրութիւնը եւ երկկողմանի ածականը:
Ուրեմն՝
--Միքաթի գնահատեց երկու երկիրներուն ներկայ գործակցութիւնը:
* * *
Անգլերէնի ազդեցութեամբ եւ հետեւողութեամբ յառաջացած է «իբրեւ արդիւնք» (as a result) բառակապակցութիւնը, իսկ ռուսերէնի հետեւողութեամբ՝ «արդիւնքում»,— նախ արեւելահայերէնի մէջ, ասկէ՝ արեւմտահայերէնի մէջ, ուր ան հիմա համազգային ժողովրդականութիւն գտած է մեր մամուլի բոլոր ներկայացուցիչներուն քով անխտիր:
Ահա օրինակ մը.
--«Նախագահին պաշտօնազրկումը ժողովուրդին կամքին իբրեւ արդիւնք տեղի չունեցաւ»:
Ուր հայեցի մտածողութեամբ պիտի ըսէինք.
--Նախագահին պաշտօնազրկումը ժողովուրդին կամքով տեղի չունեցաւ:
Ինչպէս նկատելի է, անմիտ, անօգուտ բեռ մը՝ իբրեւ արդիւնք-ը ջնջեցինք առանց իմաստային որեւէ աղաւաղումի, տակաւին չըսելու համար, որ նախադասութեան միտքը ստացաւ շատ աւելի կուռ ու կոկիկ, այլեւ հայեցի կաղապար մը ու ձեւաւորում մը:
--«Անհեռատես հաշիւներու արդիւնքով քանդուեցան մեր երազները (Համբիկ Մարտիրոսեան, «Պայքար», թիւ 229, էջ 3):
Ուր բաւարար էր ըսել՝
--Անհեռատես հաշիւներ քանդեցին մեր երազները:
--Անհեռատես հաշիւներով քանդեցինք մեր երազները:
--«Հիւսեյն թագաւոր պաշտօնական ցաւակցութեան հեռագիր մը յղած է նախագահ Ժեմայելին...»:
Սա իր կարգին օտարաբանութիւն մըն է, թերեւս անձնական յղացք մը, ուր պաշտօնական-ը բոլորովին աւելորդ է. թագաւորի մը յղած հեռագիրը՝ օտար պետութեան մը նախագահին, չի կրնար պաշտօնական չըլլալ:
Այստեղ կը գտնենք տակաւին սխալ շարադասութիւն մը եւս, որուն գրողը չ’անդրադառնար իր աճապարանքին կամ անուշադրութդան մէջ. պաշտօնական ածականը դրուած է ցաւակցութեան-ին վրայ, մինչդեռ ան պէտք է դրուէր հեռագիր-ին վրայ
Ուրեմն լայնօրէն բաւարար էր ըսել:
--Հիւսեյն թագաւոր ցաւակցական հեռագիր մը յղած է...
Ուրոյն օտարաբանութիւն մըն է հետեւեալը իր կարգին.
--«Անոնք նիւթական գետնի վրայ ինքնաբաւ են»:
Երբ կարելի էր ըսել.
--Անոնք նիւթապէս ինքնաբաւ են:
Կայ տակաւին մակարդակի վրայ կոչուած փորձանաւոր բառակապակցութիւնը՝ իր այլազան խաղերով:
--«Նախարարը մեկնաբանեց պետական եւ կառավարական մակարդակի վրայ արտակարգ ծրագիրը»:
Առաջին հերթին հարց կը ծագի, որ մի՞թէ պետութիւնն ու կառավարութիւնը իրապէս տարբեր հասկացութիւննե՞ր են եւ իւրաքանչիւրը ունի իր մակարդա՞կը:
Միւս կողմէ՝ եթէ իրօք այս երկուքը տարբեր կ’ըմբռնուին գրողին կողմէ, ապա պարտէինք մակարդակ բառը յոգնակի կիրարկել՝ «պետական եւ կառավարական մակարդակներու վրայ»:
Եւ վերջապէս աւելորդաբանութիւն մըն է ինքը՝ մակարդակի վրայ բառակապակ-ցութիւնը, երբ անդին կարելի է վայելչօրէն ըսել.
--Նախարարը մեկնաբանեց պետական ( կամ՝ կառավարական) արտակարգ ծրագիրը:
Արմենակ Եղիայեան
armenag@gmail.com