image

Նուիրեալ Մայր եւ հաւատարիմ երէցկին. Մահացած է երէցկին Սոնա Գէորգեան

Նուիրեալ Մայր եւ հաւատարիմ երէցկին. Մահացած է երէցկին Սոնա Գէորգեան

Օրերս, Լիբանանի մէջ,  իր մահկանացուն կնքած է նուիրեալ մայր եւ հաւատարիմ երէցկին Սոնա Գէորգեան:

 Տխուր լուրը  «Արեւելք» ստացաւ հանգուցեալի հարազատներէն։

 

Ստորեւ   հանգուցեալի  մահազդը՝

 

Օշին Աւագ Քահանայ Գէորգեան

Տէր եւ Տիկին Տօքթ.Մկրտիչ եւ Ալին Գէորգեան եւ զաւակունք 

Տէր եւ Տիկին Ժագ եւ Նայիրի Պէօճէքեան եւ զաւակունք 

Տէր եւ Տիկին Նազարէթ եւ Թամար Լեհիմճեան եւ զաւակունք 

Հանգուցեալ Գրիգոր Թորոսեանի ընտանիք

Հանգուցեալ Նազելի Սարգիսեանի ընտանիք 

Տէր եւ Տիկին Յակոբ եւ Էլօ Չէքիճեան եւ զաւակունք 

Տիկին Մարալ Պէօճէքեան եւ զաւակունք 

Հանգուցեալ Գէորգ Գէորգեանի ընտանիք 

Հանգուցեալ Նազարէթ Գէորգեանի ընտանիք 

Հանգուցեալ Լեւոն Գէորգեանի ընտանիք

Հանգուցեալ Մարի Աշճեանի ընտանիք 

Հանգուցեալ Հէրմին Պարդանեանի ընտանիք

Տէր եւ Տիկին Սէմըր եւ Սթէֆանի Սէլէմէ եւ զաւակունք

եւ համայն Գէորգեան, Թորոսեան, Պէօճէքեան, Սարգիսեան, Լէհիմճեան, Մուրատեան, Պարդանեան, Սէլէմէ ընտանիքներ եւ ազգականներ կը գուժեն իրենց տիկնոջ, մօր, մեծ մօր, քրոջ, հօրաքրոջ, մօրաքրոջ եւ հարազատին՝

Երիցուհի Սոնա Գէորգեան-ի (Ծնեալ՝ Թորոսեան)

Մահը որ պատահեցաւ շաբաթ, 14 դեկտեմբեր, 2024-ին, ժամը 12:00-ին բանակարանին մէջ։

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի կիրակի, 15 դեկտեմբեր 2024–ին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, Պուրճ Համուտ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային Գերեզմանատունը։

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ։

Ցաւակցութիւնները կ'ընդունուին նախքան եւ յետ թաղման արարողութեան Ազգային Առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահէն ներս, առաւօտեան ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00:

Ինչպէս նաեւ երկուշաբթի, 16 դեկտեմբեր, 2024-ին, առաւօտեան ժամը 11։00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, նոյն վայրին մէջ։

 

 

 Այս տխուր առթիւ մեր  խորազգաց  ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալի հարազատներուն եւ յատկապէս Լիբանանի Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Քահանայից դասու   աւագ հայրերէն՝ Արժ. Տ. Օշին Աւ. Քհյն. Գէորգեանին։