Աւելորդաբանութիւն (12.)
Աւելորդ յօդեր (գ)
Յօդ եւ յատուկ անուն (բ)
Մեր նախորդ յօդուածով տեսանք ուղղական հոլով ենթակայ յատուկ անուններու յօդառութիւնը. ստորեւ տեսնենք մնացեալ հոլովները կրող անուններու պարագան:
Յուշագրութեան մը հեղինակը հետեւեալ պարբերութեամբ կը սկսի իր վիպակը.
--«Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ ճամբուն վրայ կը գտնուէր պարոն Բենիամինի փոքրիկ խանութը, ուր ան կը վաճառէր կոճակ, դերձան, ասեղ, գոյնզգոյն ժապաւէններ եւ կարուձեւի այլ պիտոյքներ։ Քոյրս շատ կը սիրէր կարել։ Ան յաճախ ձեռքս կու տար գունաւոր կտոր մը, որպէսզի նոյն գոյնով դերձան կամ կոճակ գնեմ պարոն Բենիամինէն»։
Այս հատուածին մէջ երկու անգամ յիշուած է Բենիամին անունը. մէյ մը՝ Բենիամինի՝ առանց յօդի, մէյ մը Բենիամինէն՝ յօդով:
Ինչո՞ւ յօդառութեան այս տարբերութիւնը:
* * *
Առաջին կիրարկութեան մէջ հեղինակը, որ լաւ կը ճանչնայ պարոն Բենիամինը, գիտէ, որ ան անծանօթ է ընթերցողին, որուն առաջին անգամ է որ կ’ակնարկէ իր գրութեան մէջ. ահա ընթերցողին այս կացութիւնը նկատի առնելով ալ անորոշ՝ առանց յօդի կիրարկած է այդ մարդուն անունը՝ Բենիամինի:
Քիչ անդին կը գտնենք Բենիամինէն, այսինքն՝ բացառական հոլով՝ որոշիչ յօդով կիրարկուած: Այսպէս է, քանի որ հեղինակը զանազան տեղեկութիւններ տուաւ այդ մարդուն մասին եւ հիմա՝ երկրորդ կիրարկութեան առթիւ այդ մարդը այլեւս անծանօթ մը չէ ընթերցողին, այս պատճառով ալ անոր անունը գրեց յօդով:
Հետեւաբար այդ յօդը կախեալ է մեզ ընկալողին՝ մտիկ ընողին կամ մեր գրութիւնը կարդացողին՝ տուեալ առարկային հանդէպ ունեցած ծանօթութեան բնոյթէն:
Եզրակացութիւն
Ուրեմն, մենք մեր ճանչցած անունները կը ներկայացնենք յօդով կամ առանց յօդի՝ նայած, թէ տուեալ անունը որքանով ծանօթ կը նկատենք կամ կը սեպենք նաեւ մեզ ընկալողին: Եթէ այնպէս համոզուած ենք, որ ան անծանօթ է մեզ ընկալողին, ապա առանց յօդի կը կիրարկենք այդ անունը, իսկ եթէ համոզուած ենք, որ ան ծանօթ է մեզ ընկալողին, ապա որոշիչ յօդով կը գրենք անոր անունը:
2. Եւ այսպէս, երբ մեր խօսքը կ’ուղղենք, օրինակ, Թորոսին՝ ակնարկելու համար անոր ծանօթներուն, բարեկամներուն, մտերիմներուն, ապա ինքնաբերաբար կ’ըսենք.
--Մարկոսին ինքնաշարժը խանգարուեր է:
--Կիրակոսին վարպետը սրտի կաթուած ունեցեր է:
--Մարտիրոսին տղան յաջողեր է քննութեան:
Այսպէս կը խօսինք, քանի որ Մարկոսը, Կիրակոսը եւ Մարտիրոսը միայն ինծի ծանօթ չեն, այլ նաեւ իմ խօսակիցիս՝ Թորոսին, որուն կ’ուղղեմ խօսքս կամ գրութիւնս:
Սակայն երբ նման մտերմութիւն մը չունի մեզ ընկալողը տուեալ անձին կամ առարկային հետ, ապա անոր անունը կը գրենք առանց յօդի. օրինակ՝
--Փութինի բանակները ռմբակոծեր են Քիեւը:
--Քամալա Հարիսի կուսակցութիւնը նախագահի թեկնածու ընտրած է զինք:
--Ալիեւի խոստումներուն կարելի չէ հաւատալ:
Մինչդեռ Փութինի անմիջական շրջապատին մէջ գտնուողները, թէկուզ անոր 150 միլիոն հարազատ քաղաքացիները, խօսելով անոր մասին, ազատօրէն պիտի ըսէին.
--Զելենսքի նորէն Փութինին ջիղերով կը խաղայ:
Մինչդեռ ես ու դուն պիտի ըսէինք՝ «Փութինի ջիղերով կը խաղայ»:
Նկատեցէք, որ Զելենսքի ուղղական հոլով ենթական գրեցինք առանց յօդի, քանի որ Փութինի հարազատներուն համար ան օտար է, խորթ է, հեռու է, անմատչելի է, ինչպէս սերտած էինք նախորդ յօդուածով:
* * *
3. Բերուած օրինակներու բոլոր անունները յատուկ էին:
Հասարակ գոյականներու պարագային կանոնը մօտաւորապէս նոյնն է, աննշան. տարբերութեամբ. օրինակ՝
«Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ ճամբուն վրայ կը գտնուէր գրավաճառի մը փոքրիկ խանութը, ուր ան կը վաճառէր թուղթ, մատիտ, ռետին, գոյնզգոյն ներկեր եւ գրենական այլ պիտոյքներ։ Քոյրս շատ գրասէր էր։ Ան յաճախ ձեռքս կու տար պիտոյքներու ցանկ մը, որպէսզի գնեմ զանոնք պարոն Բենիամինէն»։
Ուրեմն Բենիամին յատուկ անունին փոխարէն կիրարկեցինք գրավաճառ հասարակ անունը նոյն ձեւով. նախ՝ անորոշ՝ գրավաճառի, ապա որոշեալ՝ գրավաճառէն:
Սա՛ պզտիկ տարբերութեամբ, որ առաջինին վրայ աւելցուցինք մը անորոշ յօդը:
Յատուկ անունները մը յօդը չեն կրնար առնել. չ’ըսուիր՝ Թորոս մը, Թորոսի մը, Թորոսէ մը, Թորոսով մը եւ այլն:
4. Կրկնակի յատկացուցիչ
Յատկացուցիչը, ինչպէս գիտենք, սեռական հոլով դրուած այն գոյականն է, որուն կը վերագրուի ստացուածք մը. օրինակ՝
***Ծառին պտուղները չորցեր են:
--ծառին՝ սեռական հոլով յատկացուցիչ:
--պտուղները՝ յատկացեալ (որ ուղղական հոլով ենթակայ է):
Ինչպէս կը տեսնենք՝ գրողը կ’ակնարկէ ծանօթ ծառի մը եւ անոր պտուղներուն:
Շատ կը պատահի, որ յատկացեալը իր կարգին դրուի սեռական հոլով եւ դառնայ յատկացուցիչը այլ գոյականի մը, եւ այսպիսով զուգադրուին երկու սեռականներ. օրինակ՝
***Նախագահին շրջապտոյտին արդիւնքները գոհացուցիչ են:
Որքան ալ նախագահը ծանօթ ըլլայ թէ՛ գրողին, թէ՛ ընթերցողին, այսուհանդերձ թոյլատրելի է, որ գրենք նախագահի՝ առանց յօդի, խուսափելու համար ին...ին... զոյգի անախորժ ու խժալուր կրկնութենէն, որուն նախապէս ալ ակնարկած ենք. այսպէս՝
***Նախագահի շրջապտոյտին արդիւնքները գոհացուցիչ են:
5. Գործիական հոլով
Այս հոլովը կրող գոյականները՝ յատուկ թէ հասարակ, որոչիչ յօդ չեն առներ:
***Ես Թորոսով հպարտ եմ, դուն Մարկոսով, ան Կիրակոսով:
***Ան հացով կշտացաւ, դուն կարկանդակով, ես պտուղով:
Անոնք կրնան սակայն առնել ստացական յօդ, որոնք ցոյց կու տան առարկային պատկանելութիւնը՝ յատտուկ թէ հասարակ.
***Ես Թոորոսովս հպարտ եմ, դուն Մարկոոսովդ, ան Կիրակոսովը:
***Ես հացովս կշտացայ, դուն կարկանդակովդ, ան պտուղովը:
Արմենակ Եղիայեան