image

Գերմանիոյ մէջ ահաբեկչութեան զոհերու թիւը հասած է 5-ի, աւելի քան 200 մարդ տուժած է

Գերմանիոյ մէջ ահաբեկչութեան զոհերու թիւը հասած է 5-ի, աւելի քան 200 մարդ տուժած է

Գերմանիոյ Մակտեպուրկ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչութեան հետեւանքով զոհերու թիւը հասած է 5-ի, եւս 205 մարդ վնասուածքներ ստացած են։ Տեղեկութիւնը յայտնած են գերմանական ԶԼՄ-ները:

Աւելի վաղ հաղորդուած էր 2 զոհի եւ 68 տուժածի մասին:

Յիշեցնենք` դեկտեմբեր 20-ի երեկոյեան Գերմանիոյ Մակտեպուրկ քաղաքին մէջ մեքենան մխրճուած է բազմութեան մէջ։ Դէպքը տեղի ունեցած է Սուրբ ծնունդի տօնավաճառին մէջ։

Կասկածեալը ձերբակալուած է։ Նախնական տեղեկութիւններով՝ վրաերթը կանխամտածուած եղած է, մեքենան վարած է Սէուտական Արաբիա ծնած 50-ամեայ Թալեպ Ա.-ն, որ 2006 թուականէն կը բնակի Գերմանիա, մասնագիտութեամբ բժիշկ-հոգեբուժ է: